կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-07 10:28
Տնտեսական

Ի՞նչ կը կատարուի այնտեղ` մութին … ( Ազգային Ժողովի ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Ի՞նչ կը կատարուի այնտեղ` մութին … ( Ազգային Ժողովի ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Այն պահուն, երբ Հայաստանի վարչապետը Ազգային Ժողովի ամպիոնէն կը զուարճացնէր դիմացի նստարաններուն վրայ «խայտացող» ու իրմով հմայուած իր հանդիսատեսները` «չուք-չաք-չարաք-չաք» գնացքի ռիթմիք կատարումով, անդին` Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ պաշտօնական Պաքուն երգեց ի՛ր երգը, բայց ոչ` նոյն ոճով եւ նոյն ուղղութեամբ, այլ` բոլորովին հակառակ թիրախաւորումով, խիստ, ապիկար, սպառնական: Հայաստանի վարչապետը իր իսկ ժողովուրդին հարազատ ծոցէն ծնած ազգային կուսակցութեան` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի յուղարկաւորութիւնը կը նախատեսէր դէմը նստած իրեն հպատակ պատգամաւորներով, անդին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետեարով արցախեան տագնապի գծով իր պայմանները կը թելադրէր Հայաստանի իր պաշտօնակիցին` Մնացականեանին, այսպէս կոչուած «բանակցութեան» սեղանին վրայ:

Անձամբ չեմ ուզեր, իրապէս, անդրադառնալ վարչապետին ելոյթին ո՛չ ռամիկ մակարդակին, ո՛չ ալ անհեթեթ ու անլուրջ բովանդակութեան, որ այլապէս նաեւ անյարիր է իր պաշտօնին: Ան յայտնապէս չէ կրցած ըմբռնել տակաւին, թէ ի՛նչ կառոյցի ու ինչպիսի կուսակցութեան հետ գործ ունի: Ոչինչ, ինչպէս իր բազմաթիւ նախորդները, ինք եւս կը հասկնայ վերջապէս, իսկ ապագան կ‘ապացուցէ հարկաւ, թէ ո՛վ կը մնայ ու կը շարունակէ գործել հայրենի ազգային-քաղաքական բեմահարթակին վրայ, եւ ո՛վ կը մղուի դէպի լուսանցք ու կը հեռանայ իր նշած գնացքին հետ, ռիթմով թէ առանց ռիթմի …

Տխուր է, սակայն, վարչապետին պահուածքը: Փոխանակ բոլո՛ր ուժերը համախմբելու եւ արժանի հակահարուած հասցնելու սպառնացող ու յարձակողականի դիմած լկտի, լիրբ ու պոռոտախօս թշնամիին, վարչապետ Փաշինեան կը շարունակէ հարուածել նե՛րսը, առաւել եւս խորանալով սեւի ու ճերմակի իր որդեգրած անընդունելի ու ըստ ամենայնի դատապարտելի ուղեգիծին մէջ, ներազգային միասնականութիւն քանդող իր բաժանարար վարքագիծով:

Արդ, Պաքուի թելադրած նախապայմանները, որոնք տարածուած են անգլերէն փաստաթուղթով մը, ցարդ չարժանացան պաշտօնական Երեւանի յստակ եւ կարծր պատասխանին: Մնացականեանի ելոյթը դարձդարձիկ էր, թոյլ, տկար, անհամեմատ` հնչած սպառնալիքին:

Ահաւասիկ Պաքուի պայմանները, աւելի ճիշդ` այն փաստաթուղթի կէտերը, որոնց շուրջ տեղի ունեցած են բանակցութիւնները.

1. Առաջին քայլով պետք է հայկական զինուած ուժերը դուրս բերուին ԱՀ և այլ «գրաւուած» տարածքներէն:
2. Պետք է վերադառնան «բռնի ուժով տեղահանուած ազրպէյճանցիները»:

3. Արցախը կը ստանայ կարգավիճակ` Ազրպէյճանի կազմին մէջ, համաձայն` այդ երկրի սահմանադրութեան:

Ահա թէ ինչու՛ կ‘ակնկալենք խիստ, կարծր, յստակ ու մեկին հակազդեցութիւն, թշնամիին դրած կէտերուն համապատասխան մօտեցում: Եթէ սխալ, կեղծ փաստաթուղթ է տարածուածը, ապա անմիջապէս պէտք էր հերքուէր հայկական կողմէն, այլապէս անխնայ հակազդեցութեան մեր ակնկալութիւնը, մեր պահանջը՛ արդար է, մտահոգութիւնը` տեղին: Բնական է նաեւ ստեղծուած ու առկայ կասկածը եւ անոր իբրեւ հետեւանք անխուսափելիօրէն յառաջացող անվստահութիւնն ու իրաւացիօրէն միտք չարչրկող հարցադրումը. ի՞նչ տեղի կ‘ունենայ արդեօք այնտեղ, մութին մէջ, սեղանին տակ, թէ վարագոյրին ետին:

Ա՛յս հարցերուն անհրաժեշտ ու ճիշդ լուսաբանութեան կարիքն ու միաժամանակ իրաւունքը՛ ունի ժողովուրդը, իսկ պարտաւորութիւնը` վարչապետը: Եւ այս ընթացակարգին տե՛ղն է ահաւասիկ Ազգային Ժողովի ամպիոնը, եւ ոչ թէ` գնացքի երգով անհեթեթ ամբոխավարութեան:

Հրաչ Վարժապետեան