կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-19 17:14
Տարածաշրջան

Ամէն ինչ հունի մէջ

Ամէն ինչ հունի մէջ

Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ գումարեց նիստ մը, որով վերջնականօրէն յստակեցաւ տեղապահի ընտրութեան պարագան։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, նիստէն վերջ Կրօնական ժողովը հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որով հրապարակուած է, թէ տեղապահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, 27 յունիսին։ Նախապէս հաղորդած էինք, որ 26 յունիսին նախատեսուած էր տեղապահի ընտրութիւնը։ Ժողովի նախորդած մթնոլորտին մէջ որոշ փոխըմբռնում մը գոյացած էր այդ թուականին վրայ։ Յամենայնդէպս, այդ մէկուն մամուլի մէջ արձագանգ գտած ըլլալը, հրապարակուած տեղեկութիւններուն ժողովին նախորդած ըլլալը սկզբունքային առումով, որոշ չափով համարուած է անպատեհ։ Ուստի, Կրօնական ժողովը որոշած է տեղապահի ընտրութեան թուականը օր մը յապաղեցնել։ Այսպէս, Եկեղեցականաց համագումարը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, 27 յունիսին, տեղապահի ընտրութեան օրակարգով։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ատենապետութեամբ Կրօնական ժողովը երէկ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Ներկայիս Կրօնական ժողովը Պատրիարքական Աթոռի օրինական միակ մարմինն է, իբր այդ նախանձախնդրութեամբ աշխատանք կը տանի բոլոր առումներով երաշխաւորելու համար պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Կրօնական ժողովը ամէն ինչ հունի մէջ կը պահէ եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի հեռանկարներն ալ հետզհետէ կը յստակենան՝ Պոլսոյ Աթոռի դարաւոր նախընթացներուն եւ աւանդութիւններուն համապատասխան։

Կրօնական ժողովի երէկուան նիստը տեւեց աւելի քան ժամ մը։ Նիստէն օր մը առաջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած յօդուածը արդէն որոշ ազդանշաններ տուած էր քննարկումներու բովանդակութեան եւ հոգեւոր հայրերու ընդհանուր մօտեցումներուն շուրջ։ Հրապարակուած պաշտօնական  զեկոյցին մէջ, բնականաբար, ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ չկան։ Յամենայնդէպս, ուշագրաւ են զեկոյցի վերջին բաժնի բանաձեւումները։ Այսպէս, զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ տեղապահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի՝ ըստ նախկին օրինաց եւ Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց։ Տեղապահի ընտրութեան պիտի մասնակցին այն հոգեւորականները, որոնք կը պաշտօնավարեն Թուրքիոյ մէջ։ Յիշեցուած է նաեւ, որ նոյն դրութեամբ կատարուած էին երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքի վախճանման յաջորդած տեղապահի եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անգործութեան մատնուած շրջանին կատարուած պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւնները։

Ուրեմն, Կրօնական ժողովի երէկուան նիստէն վերջ մեր համայնքին ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է տեղապահի ընտրութեան վրայ, որ պիտի կատարուի Եկեղեցականաց համագումարի միջոցաւ։ 27 յունիս, հինգշաբթի առաւօտեան մեր հոգեւորականաց դասու անդամները նախ պիտի համախմբուին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքաբար պիտի մասնակցին ժամերգութեան արարողութեան։ Հոգեւոր հայրերը աւելի վերջ պիտի անցնին Պատրիարքարան, ուր դահլիճին մէջ գումարուելով պիտի կատարեն տեղապահի ընտրութիւն։ Այսպէսով դէպի պատրիարքական ընտրութիւն նոր քայլ մը եւս առնուած պիտի ըլլայ, մինչ այդ, տեղապահի ընտրութեան զուգահեռ թափ պիտի ստանան նաեւ շփումները պատ-կան իշխանութիւններուն հետ։

«Ժամանակ»