Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բոլոր անոնք, որոնք տուրք տուին Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն դուրս գրելու հերթական փորձութեան, ամէն օր իրենց նախատեսութեան անհեթեթութեան վկան պիտի դառնան:
Սոսկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ կառուցելով իրենց «մարգարէութիւն»ը՝ այս ճամբարի վերլուծողներն ու քաղաքագէտները արդէն իսկ անդրադրաձած պէտք է ըլլան, որ բաւական անտեղեակ են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպական հնարաւորութիւններէն, անոր կենսունակութենէն, անոր համազգային իւրայատկութենէն, անոր կառոյցի դիմադրականութենէն:
Յամենայնդէպս, Ազգային ժողովի ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս յաջորդող օրերուն, Դաշնակցութեան 33րդ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին, մամուլին մէջ հրապարակուած ամէնօրեայ բազմաթիւ եւ տարաբնոյթ ակնարկները արդէն պէտք է ապացոյց նկատուէին այս կազմակերպութեան ուժին եւ ազդեցութեան:
Ընդհանուր ժողովէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ցուցաբերած աշխոյժ յարաբերական գործունէութիւնը, Գերագոյն մարմինի ստեղծած մասնագիտական յանձնախումբերու կողմէ կառավարութեան ծրագիրի քննական վերլուծումները եւ նոյն ծրագիրին՝ անոնց բարելաւման ուղղութեամբ կատարուած առաջարկները կը թելադրեն արդէն իսկ մշակուած արտախորհրդարանական նկատելի ներկայութիւն եւ լուրջ քաղաքական դերակատարութիւն ունենալու մշակուած ծրագիրի մը առկայութիւնը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումը, զոյգ վեհափառներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները եւ տակաւին նոր՝ խորհրդարանական ընդդիմութեան դրօշ պարզած «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպումը վաւերական վկայութիւններ են համահայկական օրակարգին մէջ նշանակալի ներդրում ունենալու Դաշնակցութեան կարողութեան:
Այդ կարողութիւնը աւելի կը շեշտուի կուսակցութեան սփիւռքեան կառոյցի բոլոր օղակներու ամէնօրեայ՝ հայապահպանումէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական բազմաճակատ գործունէութեամբ:
Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը նսեմացնելու անպտուղ վարժանքէն հրաժարիլը, մեր համոզումով, միայն կ՛օգնէ մեր ժողովուրդին ու պետութեան:
asbarez.com