կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-02-13 10:14
Հասարակություն

ՀՅԴ-ն Անկարայում մասնակցել է Ժողովուրդների դեմոկրատական կուսակցության 3-րդ համագումարին

ՀՅԴ-ն Անկարայում մասնակցել է Ժողովուրդների դեմոկրատական կուսակցության 3-րդ համագումարին

Աղբյուրը՝ arfd.am

Կիրակի, 11 Փետրուար 2018֊ին, Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երրորդ Համագումարը։ Ժողովը կը գումարուէր HDP֊ի համար ծանր պայմաններու մէջ։ Մէկ տարիէն աւելի է, որ ձերբակալուած են կուսակցութեան հազարաւոր գործիչներ, ներառեալ՝ կուսակցութեան երկու համանախագահները, Թուրքիոյ խորհրդարանին անդամ աւելի քան տասնեակ մը պատգամաւորներ եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած բազմաթիւ գիւղապետեր։ Ժողովի նախօրէին եւս Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոր ձերբակալութիւններ կատարեցին եւ կը խոչընդոտէին կարգ մը շրջաններէ պատգամաւորներու մասնակցութիւնը համագումարին։ HDP֊ի դէմ, փաստօրէն հակաքիւրտ այս համատարած հալածանքը տեղի կ՚ունենայ 2016֊ի Յուլիս 15֊ի ձախող յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան կարելիութիւններէն օգտուելով՝ հակա֊ահաբեկչութեան պատրուակով, իսկ վերջին շրջանին նաեւ՝ թրքական բանակի Սուրիա ներխուժելու մթնոլորտին մէջ, ուր HDP֊ն խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ դէմ հանդէս կու գայ այդ ներխուժումին։ Այդուհանդերձ, համագումարը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ երեսուներկու հազար կուսակցականներու (մեծ մասը՝ մարզասրահէն դուրս) եւ «Ինչ ալ ըլլայ՝ պիտի՛ յաղթենք» կարգախօսով։

 

Կարօ Փայլան, HDP֊ի համագումարի դիւանի անդամ

Համագումարի դիւանին մաս կը կազմէր HDP֊ի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանը։ Համագումարին հրաւիրուած եւ ներկայ էին արտասահմանէն շարք մը կուսակցութիւններ, որոնց շարքին՝ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (PES), Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Նորվեկիայէն, Իրաքէն, Գերմանիայէն, Իրլանտայէն, Պասքերու եւ այլ երկիրներէ զանազան կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եւրոերեսփոխաններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւս մէկ ներկայացուցիչով մասնակցեցաւ համագումարին։ ՀՅԴ֊ն կը ներկայացնէր կուսակցութեան Միջազգային քարտուղարութեան անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը։

 

HDP֊ի համագումարին մասնակից արտասահմանեան հիւրերը

ՀՅԴ մասնակցութիւնը HDP֊ի համագումարին զօրակցութեան արտայայտութիւն էր՝ ազատութեան եւ արդարութեան համար HDP֊ի մղած պայքարին։ HDP֊ի պատասխանատուները բարձր գնահատեցին արտասահմանէն բոլոր կուսակցութիւններու, ներառեալ՝ ՀՅԴ֊ի մասնակցութիւնը համագումարին. բոլոր մասնակից կուսակցութիւնները ներկայացուեցան համագումարին։

Համագումարի ընթացքին, խանդավառ մթնոլորտ կը ստեղծէր հայրենասիրական երաժշտութիւնը, որուն տակ մասնակիցներէն ոմանք երբեմն շուրջպար կը բռնէին։ Հնչեցին նաեւ հայերէն հայրենասիրական երգեր։

Համագումարի կարեւորագոյն պահերէն մէկն էր ձերբակալուած համանախագահներ՝ Սելահետտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկէն Եուքսքտաղի պատգամներու ընթերցումը։ Տեղի ունեցաւ նոր համանախագահներու (մէկ կին, մէկ տղամարդ) ընտրութիւնը. ընտրուեցան Փերւին Պուլտան (Pervin Buldan) եւ Սեզայ Թիմելլի (Sezai Temelli)։

 

HDP֊ի համագումարին, կուսակցութեան նորընտիր համանախագահ Սեզայ Թիմելլի եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեան

Համագումարին ՀՅԴ ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեանը հանդիպումներ ունեցաւ HDP պատասխանատուներու եւ արտերկրէն մասնակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Սեզայ Թիմելլիի ընտրութենէն ետք, Խ. Մկրտիչեանը շնորհաւորեց զինք։

ՀՅԴ եւ HDP անդամ են Ընկերվար միջազգայնականին (ԸՄ). վերջին տարիներուն, երկու կուսակցութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցած են թէ՛ ԸՄ֊ի շրջանակներէն ներս, թէ՛ առանձնաբար՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մէջ։

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեա