Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը իր մասնակցութիւնը բերաւ 31 Մայիսէն 2 Յունիս տեղի ունեցած Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարին, դեմոկրատ պաշտօնատարներու եւ թեկնածուներու հետ քննարկելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
«Նման քաղաքական հաւաքներու մեր մասնակցութիւնը կենսական է ամերիկահայութեան ձայնը յստակօրէն լսելի դարձնելու համար՝ քաղաքական պաշտօնատարներու կամ թեկանծուներու։ Մեր դատը պէտք է պաշտպանենք՝ աշխատելով դեմոկրատ, հանրապետական եւ անկախ քաղաքական գործիչներու եւ թեկնածուներու հետ», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Երեք օրերու ընթացքին, պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ շարք մը պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ՝ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլանի Քունալաքիսի, Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան նորընտիր ղեկավար Ռասթի Հիքիսի, քոնկրեսական Թուլսի Կապարտի, քոնկրեսական Ճիմի Կոմեզի, քոնկրեսական Էրիք Սուալուէլի , Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մայի եւ քաղաքացիական ու աշխատաւորներու իրաւանց հեղինակաւոր պաշտպան Տոլորես Հուերթայի հետ։
Նաեւ, պատուիրակութիւնը կրպակ մը հաստատած էր, ներկաներուն մօտէն ծանօթացնելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն։ Համագումարին ընթացքին, հայ համայնքը հանդիսացած էր միակ ազգային փոքրամասնութիւնը, որ նման կրպակ մը ունէր։