կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-01-11 14:30
Աշխարհ

ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ն ընդունել է «Հըզբոլլաh»-ի Lեռնալիբանանի պատասխանատուին

ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ն ընդունել է «Հըզբոլլաh»-ի Lեռնալիբանանի պատասխանատուին

Աղբյուրը՝ aztagdaily.am

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հըզպալլայի կեդրոնական խորհուրդի անդամ եւ Լեռնալիբանանի պատասխանատու շէյխ Շաուքի Զաայթերը, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց նաեւ Անկախ Նասըրականներու – Մուրապիթուն շարժումի ընդհանուր խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները` շեշտելով երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը: