Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Անցնող օրերուն հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած պատերազմը արդէն իսկ, յաղթական մարտնչումներով իր լրումին կը հասնի յառաջիկայ օրերուն, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ:
Նախապէս եւ քանի մը օրուան տարբերութեամբ, Արսալի բարձունքները ազատագրուեցան Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններով:
Ու եթէ երբեք լիբանանեան ներքին թատերաբեմի քաղաքական դասաւորումները որոշ վերապահութիւններ կը յառաջացնէին Դիմադրութեան յաղթանակին նկատմամբ, լիբանանեան բանակի գրոհներն ու արձանագրած յաջողութիւնները անվերապահ զօրակցութեամբ ընդունուեցան բոլորին կողմէ, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ:
Անկախ կատարուածին շուրջ հրապարակուած կեցուածքներէն, անհրաժեշտ է կատարել հետեւեալ հաստատումները:
Առաջին, լիբանանեան բանակն ու զինեալ ուժերը են եւ կը մնան Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, անկախութեան եւ անդորրութեան պահպանման գլխաւոր հիմնաքարները: Հակառակ բազում դժուարութեանց, բանակը ապացուցեց, թէ ան միասնական այն ուժն է, որ լիբանանեան ազգային գաղափարախօսութեամբ ամրացած պատրաստ է առաւելագոյն զոհողութիւնները ստանձնելու ի գին հայրենիքի պաշտպանութեան: Նախապէս Նահր Պարետը, ապա Ապրան ու հիմա արեւելեան լեռնաշղթան լաւագոյն փաստերն են արդէն:
Երկրորդ, լիբանանեան բանակը սահմանադրութեամբ իսկ իրաւունքը ունի երկրի ամբողջականութեան պահպանման: Քաղաքական ուժերու հովանին կը դիւրացնէ այդ առաքելութիւնը: Եւ ճիշդ հոս է, որ իմաստ կը ստանայ իրաւ ու ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ ընտրուած հանրապետութեան նախագահի մը գոյութիւնը:
Արդարեւ, զօր. Միշել Աուն, արժանաւոր կերպով արդարացուց զօրաւոր նախագահի կերպարը, որ իբրեւ Լիբանանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար գիտցաւ կողմնացոյցը ճիշդ ուղղութեամբ զետեղել: Ան եղաւ ու կը մնայ իւրաքանչիւր լիբանանցիի ուշադրութեան առարկան, ակնկալութեանց աղբիւրը եւ գուրգուրանքի կիզակէտը:
Երրորդ, Լիբանանի բանակին ու միաժամանակ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները փաստօրէն Լիբանանէն կը հեռացնեն ահաբեկչութեան սաստկացող վտանգը: Այս յաղթանակը արեամբ կերտուած այն յաղթանակն է, որ կը նուիրուի Լիբանանի, լիբանանցի ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Լիբանանցին ճակատաբաց կերպով կրնայ ինքզինք յաղթական նկատել շնորհիւ այս հսկայական զոհողութիւններուն, որոնք կ՛ապահովեն հայրենիքին եւ քաղաքացիին գոյութիւնը:
Չորրորդ, Այն ինչ որ կատարուեցաւ ու տակաւին կը կատարուի, փաստօրէն արդիւնքն է նոր վարչակարգին օրով յաւելեալ վստահութեան աճեցման եւ փոխադարձ ճանաչողութեան, ընդունման եւ յարգանքի ընդհանուր մթնոլորտին: Այս մթնոլորտը անհրաժեշտօրէն պէտք է զարգանայ ու նպաստէ ներքին միակամութեան ամրացման` աստիճանաբար Լիբանանն ու լիբանանեան զանազան ուժերը արտաքին միջամտութիւններէ ձերբազատելու հեռանկարով:
Լիբանան թեւակոխած է նոր փուլ:
Անհրաժեշտ է քայլ պահել այս փուլին հետ:
Ճակատի վրայ ինկող նահատակները մեր բոլորին նահատակներն են, իսկ վիրաւորները` մեր բոլորին եղբայրները:
Հպարտ ըլլանք այս յաղթանակներով:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com