կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-07-29 10:29
Տարածաշրջան

Արամ Ա. կաթողիկոսն այցելել է Քեսաբ

Արամ Ա. կաթողիկոսն այցելել է Քեսաբ

«Գանձասար»-ը գրում է.

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններ կը շարունակուի: Վեհափառ Հայրապետը արդէն հասաւ Կիլիկեան Քեսապ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս: Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին: Վեհափառ Հայրապետը իր հովուական պատգամը ամբողջովին նուիրեց Քեսապի պատմական ու պահանջատիրական կարեւորութեան, անցած դէպքերուն եւ քեսապցիներու վերականգման կամքին:
Հանդիպման աւարտին կատարուեցաւ աջահամբոյր:
Աւելի ուշ, Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ բանակումի համար Քեսապ գտնուող Սուրիահայ Երիտասարդաց Միութեան անդամներուն եւ Ազգ. Պատսպարանի սաներուն»:

\"\"

\"\"

\"\"

\"\"