Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ստորև ներկայացվում է Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության տարածած մամուլի հաղորդագրությունը արևմտահայերենով: Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ` Դոկտ. Փաւլօ Սէրժիօ Փինհէյրոյին:
Իր պատգամին մէջ Վեհափառը պահանջեց, որ Քէսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու, այլ ողբերգութիւն մը պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին Թուրքիոյ կողմէ: Արդարեւ, Քէսապի մեր ժողովուրդը, որ տեղահան դարձած էր պատմական Կիլիկիայէն, ահա դարձեալ նոյն ողբերգութեան ենթարկուեցաւ»:
Ապա Վեհափառը կ'առաջարկէ անհրաժեշտութեան պարագային իր ներկայացուցիչը ղրկել իր մօտ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու Քէսապի հարցին մասին: Յիշեալ յանձնախումբը նշանակուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին կողմէ եւ ներկայ ամսուան աւարտին ան իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ Ապահովական Խորհուրդին:
Յայտնենք, որ վերջերս Վատիկան կատարած Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ընթացքին, Սուրիոյ հայութեան տագնապը, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններու ծիրէն ներս, յաճախակի կերպով արծարծուեցան` Պապին, Պետական Քարտուղարին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին: