Փոխարժեքներ
05 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 402.72 |
EUR | ⚊ | € 422.9 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.85 |
GBP | ⚊ | £ 510.09 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.56 |
Անցնող օրերուն, Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայկական Քեսապ աւանին դէմ շղթայազերծուած յարձակումը` այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ժիհատական ուժերուն կողմէ, ուղղակիօրէն հովանաւորուած եւ օժանդակուած Թուրքիոյ կողմէ, դատապարտումի եւ ընդվզումի մեծ ալիք բարձրացուց հայաշխարհին մէջ` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներ:
Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Նոր Սերունդը իրենց կարգին անմիջապէս դիմեցին տարբեր նախաձեռնութիւններու: Անկախաբար ֆրանսական մամուլին, քաղաքական կուսակցութեանց, հասարակական, ակադեմական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղուած հաղորդագրութիւններու, գրաւոր պահանջ ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի իւրաքանչիւր անդամի` պահանջելով միջազգային ճնշում բանեցնել, որպէսզի անյապաղ դադրեցուի հակահայ այս քանդիչ ու արիւնալի յարձակումը, ինչպէս նաեւ Քեսապէն հեռացուի ահաբեկչական այս խունթան:
Այս առիթով նաեւ, յառաջիկայ Երկուշաբթի 31 Մարտին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին տեղի կ’ունենայ բողոքի ժողովրդային հաւաք` թրքական դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամμ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի: Յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն եւ քայլերուն մասին կը տեղեկացնենք պարբերաբար:
Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ Փարիզ