Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Թապագեանը կարծիք յայտնեց, շաբաթ 9 Դեկտեմբերին Պուէնոս Այրէսի «Hilton» հիւրանոցին մէջ Հ.Հ. նախագահի եւ Արժանթինի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հանդիպումի մասին:
«Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ներկայութիւնը հստակ է թէ շատ կարեւոր է Արժանթինի եւ Հայաստանի միջեւ կապերուն նկատմամբ։ Այս այցը ամենալաւ առիթն էր՝ փոխադարձ կապերը ամրապնդելու, Նախագահ Alberto Fernández-ին, իր՝ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպան շրջափակման պայմաններուն, միջազգային ատեաններու առջեւ ցոյց տուած դիրքորոշման համար ողջունելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու, ինչպէս նաեւ նորընտիր նախագահ Javier Milei-ին հետ ծանօթանալու եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն շարունակականութիւնը ապահովելու եւ խորացնելու համար:
Արժանթինի Հանրապետութեան Հայ դատի իրաւունքներու նկատմամբ ցոյց տուած աջակցութիւնը նորութիւն մը չէ՛ Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ի վեր եւ ամէն առիթով որ վերահաստատած է այդ դիրքորոշումը:
Շատ կարեւոր էր նաեւ Հայաստանի Նախագահին եւ Արժանթինի հայ համայնքի մէջ գործող մեծ թիւով կազմակերպութիւններու ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Հայաստանի Պետութեան ներկայացուցիչի պատգամը լսելը միշտ հետաքրքիր է։
Մեր կազմակերպութեան տեսանկիւնէն, ականատես ըլլալով Հայաստանի Նահագահի մեկնաբանութիւններուն, հարկ է որ վերահաստատենք այն մեծ մտահոգութիւնը որով կ՛ապրինք վերջին ժամանակներուն։
Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ անխուսափելի եւ անմիջական վտանգները, Արցախի հայ փախստականներուն չափազանց ծանր իրավիճակը, ցեղասպան Ատրպէյճանի պահած ռազմագերիներու եւ քաղաքական գործիչներու անորոշ կացութիւնը, այդ թշնամի պետութեան եւ իր ամենաուժեղ դաշնակից Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւնները, եւ ամբողջ տարածաշրջանի առկայ դժուարութիւնները մեր մտահոգութիւններուն մինակ մէկ մասն են։
Հայ ժողովուրդը շատ դժուար ժամանակներ կ՛ապրի 2020 թուականի պատերազմէն եւ Արցախի մեր պապենական տարածքներու դատարկման ու անոր յաջորդած իւրացման գործընթացէն յետոյ:
Զգալի են տարաձայնութիւնները որոնք մեզ կը բաժնեն Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնէն՝ այնպիսի կարեւոր հարցերու շուրջ, ինչպիսին են Արցախը, իրենց այդ հարցի կապակցութեամբ դիրքորոշումն ու ապագան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ՝ հայ ժողովրդի իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ շահերուն զիջման եւ ապագայ պահանջներուն պաշտպանութիւնը.
Ամենայն դէպս, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ պետութեան հզօրացման նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը յստակ է, ինչպէս նաեւ յստակ է մեր պայքարը 1915-ին եւ այսօրուան հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներուն, թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի ցեղասպանական ծրագիրին շարունակութեան դէմ, մեր սահմաններու անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանման, եւհայ ժողովուրդի յաւերժական գոյութեան ի նպաստ»։