կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-20 09:03
Քաղաքական

Անհասկնալի կը գտնենք պատահած փողոցային արարքին պետական դատապարտման բացակայութիւնը. Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ

Անհասկնալի կը գտնենք պատահած փողոցային արարքին պետական դատապարտման բացակայութիւնը. Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, յանուն Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի շարքային ընկերներուն և ընկերուհիներուն և համակիր զանգուածին, այսու կու գայ խստօրէն դատապարտելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ և Արցախեան ազատամարտի գործօն մասնակից Հրանդ Մարգարեանի դէմ յարձակման փորձը, որ տեղի ունեցաւ երբ պտոյտի ելած էր ընտանիքի անդամներուն եւ թոռներուն հետ։ Անընդունելի է Դաշնակցական գործիչի մը դէմ եղած այս փողոցային արարքը, որուն ընթացքին փորձ եղած է մարմնային յարձակումի և աղտոտ լուտանգներ տեղացած են իր անձին և Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ:

Անհասկնալի կը գտնենք պատահած փողոցային արարքին պետական դատապարտման բացակայութիւնը և հրապարակային յանձնառութիւնը՝ բացառելու նման լկտիութիւն:

Եթէ նման խուլիգանութիւն, որ արդէն առկայ է ընկերային ցանցերով տարածուած հակադաշնակցական ատելութեան արշաւով, շարունակուի հետևանքը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ՝ ազգամիջեան պառակտում առաջացնելու իմաստով: Նմանատիպ մթնոլորտ անցեալին ապրած է հայութիւնը ի դէմս պոլշևիկեան հակադաշնակցական մոլուցքին և ՀՀՇական իշխանութիւններու հալածանքին:

Ներկայ իշխանութիւնները ազգային համերաշխութեան և համահայկական գործընթացի հրապարակային յանձնառութիւն վերցուցած են: Նման դէպքերու դատապարտումի բացակայութիւնը հարցականի տակ կը դնէ իրենց անկեղծութիւնը: Կը սպասենք որ նման փողոցային արարքներու կտրուկ բացառման համապատասխան քայլեր առնուին անմիջական կերպով:

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ