կարևոր
4957 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-27 13:22
Քաղաքական

Կասեցնելու Համար Գահավիժումը

Կասեցնելու Համար Գահավիժումը

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-րդ տարեդարձը կը նշենք ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ յայտարարուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ճանչնալու Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Ընդհանուր միտումը, յայտարարութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն ընթացքը մտածել կու տային, որ ի վերջոյ նման դիրքորոշում պիտի հնչէր պաշտօնապէս:

Նախ` նշաձողի իջեցման յորդորներ, ապա` ինքնորոշման իրաւունքի բառակապակցութեան դուրս մղում պաշտօնական հռետորաբանութենէն, յետոյ` կեդրոնացում անբովանդակ իրաւունքներու եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցերուն: Հետեւեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ քմ. տարածքի բացարձակացում` անորոշութեան մատնելով նաեւ այսօրուան տարածքներէն ինչը զիջելու հարցը: Այդ մէկը եւս յստակացաւ, երբ Նիկոլ Փաշինեան պարզ դարձուց, որ հայկական ներշրջանները (անքլաւներ) եւս մաս չեն կազմեր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան:

Հիմա արդէն իրադրութիւնները կ՛ուղղուին դէպի Ազրպէյճանի ճշդած կանոններով խաղաղութեան համաձայնագիր, որուն կարեւորագոյն կէտը տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումն էր: Եւ Պաքուի խաղաղութեան ծրագիրի հանգոյցը անոր վրայ կազմուած է: Անոր կը հետեւի սահմանագծում-սահմանազատումը դարձեալ Պաքուի ճշդած քարտէսներու հիման վրայ: Մնացեալը արդէն ածանցեալ խնդիրներու կարգավիճակ ունին` ապաշրջափակում, հաղորդուղիներու կառուցում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ գրաւոր յանձնառութիւն` հետագային եւս տարածքային պահանջներ չունենալու կամ սպառնալից հռետորաբանութենէն հրաժարում:

Առանց եզրաբանութիւնը օգտագործելու, այդուհանդերձ, թուրանական կամուրջի ծրագիրը կը մնայ ի զօրու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին համար: Թուրքիա Նախիջեւան-Սիւնիք-Ազրպէյճան- Կեդրոնական Ասիա ցամաքային կապը դարաւոր ծրագիր է: 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը կասեցուցին համաթուրանական ծրագիրի իրականացումը: Հիմա դարձեալ վերադարձած է ծրագիրը «հաղորդուղիներու ապաշրջափակում» խորագիրին տակ:

Սիւնիքի գոյակռիւը` առաջին հանրապետութեան օրերուն պահելու Լեռնահայաստանը, ըստ էութեան, այդ ծրագիրի ձախողեցումն էր: Սիւնիքի եւ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը այս օրերուն ստացած է աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն:

Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու Երեւանի դիրքորոշումը այդ վտանգը կը մօտեցնէ Սիւնիքին: Պարզ է, որ Արցախով չեն բաւարարուիր դարաւոր երազներ սնուցանած Թուրքիան եւ այժմ` Ազրպէյճանը: Պէտք է կասեցնել այս գահավիժումը: Միայն մայիսեան խորհուրդին հաւատարիմ պետութիւն- հասարակութիւնն է, որ կրնայ ամենածանր պայմաններուն մէջ միաւորուիլ եւ տէր կանգնիլ հայոց ճակատագիրին:

Սահմանադրութեան նախաբանը հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կայ յանձնառութիւն` կենսագործելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան աւանդութիւնները:

Առաջին հանրապետութեան աւանդները կենսագործելու նախապայմանը ազգային ուժերու միաւորումն է, ապա կասեցումը` հայրենազրկման այս գործընթացին, վերստին ձախողեցնելու համար ցեղասպանական թուրանական ծրագիրները, եւ` վերակերտելու ազգային պետութիւնը:

«Ազդակ»ի Խմբագրական