Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ճեմարանականներու մեր սերունդին տրուած մեծ նուէրն էր Կոստան Զարեանին աշակերտելու այդ բացառիկ պատեհութիւնը։
Անցեալ դարու յիսունական թուականներն էին։ Յանկարծ ծանուցուեցաւ, որ Պէյրութ ժամանած էր հայ գրականութեան հսկան որպէս Ամերիկեան Համալսարանի Արուեստի Պատմութեան և Փիլիսոփայութեան դասախօս։ Այդ օրերու Պէյրութը մեծ զգայնութեամբ կ՚ընդունէր մեծ գրագէտներու այցը իր սահմաններէն ներս…Եւ մեր տնօրէնին՝ Սիմոն Վրացեանի նախաձեռնութեան կը պարտինք Զարեանի մուտքը Ճեմարանէն ներս…Ան անձամբ հրաւիրեր էր Զարեանը գալու Ճեմարան որպէս ուսուցիչ և Զարեան յարգանքով ընդառաջեր էր Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի հրաւէրին։
Դեռ Ա. Լսարանի ուսանո՛ղ՝ ես էջեր կարդացեր էի իր «Նաւը Լերան Վրայ» խորագիրը կրող վէպէն և ինկեր էի կնճռոտ մեր լեռնաշխարհի անելներուն մէջ։ Կարդացեր էի «Նայիրի» ամսագրին մէջ լոյս տեսած իր ցնցիչ մենախօսութիւնը՝ «Ես Կամ, Կը Մնամ»։ Զայն կը կարդայի յաճախ։ Կը կարդայի բարձրաձայն՝ ականջներուս մէջ զգալով մրրիկը իր տողերուն։ Կը կարդայի դասընկերներուս, Բարսեղ հօրեղբօրս, ծնողքիս։ Կը կարդայի՝ ամբողջ հատուածներ ինքնաբերաբար անգիր ըրա՛ծ՝ թէև — կը յիշեմ — միշտ դժուարահաճութեամբ վերաբերուած էի Պր. Բանեանի պահանջած «անգիր ընել»ու պարտականութիւններուն…(Հիմա շնորհակալ եմ իրեն)։
Կոստան Զարեանի տողերը գրականութիւն չէին։ Անոնք հսկայ տեղաշարժեր էին, որոնց տարերային ալեկոծութեան մէջ կը բռնուէիր և ի վերջոյ կ՚ըլլայի՛ր իր տողը։ Այլ ձև չկար Զարեանը կարդալու։ Ան կրօնք էր և իր արմատական էութեամբ կը պահանջէր իր ընթերցողէն ամբողջական յանձնառութի՛ւն։ Մեծ եղելութիւն մը տեղի կ՚ունենար իր տողերուն մէջ։ Մարդը կը զտուէր։ Մարդը կը բիւրեղանար։ Մարդը կը վերագտնէր իր սկզբնական կշռոյթը…Արան և Արմէնը պատահական անուններ չէին։ Անոնք քեզ զինող նոր ուժականութիւններ էին և դուն իսկական զինուորն էիր այդ ուխտին։ Յաճախ զգացեր եմ սրտիս ուժգին բաբախումը, երբ կը կարդայի իր տողերը։ Յաճախ զգացեր եմ, որ ես այլևս ուրիշ տեղ եմ և՝ շնչահա՛տ…Այդ զգացումը երբեք չլքեց զիս։ Ես Զարեանը կարդացեր եմ միշտ։ Իր գրքերը միշտ առջևս են։ Իր խօսքին հզօր ձայներանգները՝ միշտ ականջիս մէջ։ Կեանքիս ութսունեօթերորդ տարուան այս հանգրուանին վրայ, Զարեանական էջին կը մօտենամ նոյն երկիւղածութեամբ։
Ճեմարանի տնօրէնութեան կարգադրութեամբ, Զարեանի դասապահը բոլորովին տարբեր բնոյթ պիտի ունենար բաղդատած մեր դասարանային աշխատանքներու ամէնօրեայ ընթացքին։ Իր դասախօսութիւններուն յատկացուած էր Ճեմարանի մայր շէնքին գետնայարկի լայն սրահը։ Դասերուն միաժամանակ պիտի հետևէին լսարանական երեք դասարաններու աշակերտները։ Այսինքն Ճեմարանի վերջին երեք կարգերու ուսանողութիւնը։ Հրաւիրուած էին նաև ուսուցչական կազմի անդամները։
Պարզուեցաւ, որ Զարեանի դասապահերու ամենէն հետևողական ունկնդիրը նոյնինքն Սիմոն Վրացեանն էր ըլլալու։ Եւ անշուշտ՝ ամենէն գիտա՛կը։ Վրացեան ընդհանուր զարգացման մեծ ջատագովն էր, իսկ Զարեանի դասախօսութիւնը զինք մեծապէս կը հետաքրքրէր թէ՛ որպէս գիտութեան բնագաւառ և թէ՛ որպէս Զարեանական մտքի հզօր և ինքնատիպ դրսևորում։ Սիմոն Վրացեան կը նստէր առաջին շարքը՝ ամպիոնի անմիջական մերձաւորութեան մէջ։ Ես և ընկերներս տեղ կը գրաւէինք Վրացեանի ետին։ Եւ, անշուշտ, կողմնակի խօսակցութիւնները բացառուած էին, քանի որ Զարեան կը պահանջէր ամբողջական ուշադրութիւն։
Այդ ուշադրութիւնը Զարեան ինքնաբերաբար ստացաւ այն վայրկեանին իսկ, որ ան հանդիսաւորապէս մուտք գործեց սրահէն ներս։ Ճեմարանի մէջ հաստատուած կարգն էր կանգնիլ ոտքի, երբ ուսուցիչը կը մտնէր ներս։ Ուսուցիչը՝ ի՛նք իր ամպիոնէն պիտի արտօնէր, որ աշակերտները նստէին։ Յիշողութիւնս կ՚ըսէ, թէ Զարեան որոշ զարմանքով արձագանգեց ոտքի կանգնելու մեր արարքին, բայց սիրեց զայն։ Երևի երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամն էր, որ ինքզինք կը գտնէր հայ կրթական մշակի դիրքին մէջ իր կեանքի երկար թափառումներէն ետք։ Առաջին անգամն էր, որ վերջապէս կը հասնէր…տուն։ Կը վերագտնէր «իրեն»ները։ Նոր արև կը բացուէր իր աստանդական կեանքին վրայ։ Նոր արե՛ւ՝ զոր ինք պատրաստ էր ըմբոշխնելու։
Իր առաջին դասապահի առաջին վայրկեանէն իսկ մենք զգացինք կախարդանքը իր խօսքին։ Դիթիւրա՛մբը…Տարիներ ետք, երբ իմ համալսարանական ուսման շրջանին կը կարդայի Արիստոտէլի «Քերթողականք»ը, հոն, անգամ մը ևս ես դէմ յանդիման պիտի գայի այս խորհրդաւոր եզրոյթին, որ նոյնինքն մեր «ներբող»ն էր։ Բայց այդ օր բոլորս իրարու երես նայեցանք, երբ Զարեան իր հզօր ձայնով կը ջանար մեզի փոխանցել յոյն դասական քերթողութեան սեռերն ու տարրերը…Կը ջանար հասկցնել մեզի, որ քաղաքակրթութեան այդ փուլին մէջ յոյն մարդուն համար արուեստ և կրօն համաձոյլ իրականութիւն մըն էին և քերթողական խօսքը կոչուած էր արտայայտելու այդ հզօր ներոյժը…Իսկ այդ նեղ պահուն, մենք ինկեր էինք աննախընթաց խուճապի մը մէջ… Ժամանակ չկար։ Պէտք էր հասնիլ Զարեանական մտքի արագընթաց յորձանքին։ Պէտք էր նոթագրել իրմէ մեզի հասնող ամէն մէկ հրաբխային բառը։
Իմ յառաջացած տարիքին, վերյիշելով այդ օրը ես հետևեալը գրած եմ օրագրի տետրակիս մէջ.
«…Յետ միջօրէի այդ ժամուն լռած է թաղին ու դպրոցին աղմուկը և Ճեմարանի հին շէնքին նկուղային այդ սրահին մէջ Զարեանի առինքնող ու խորհրդաւոր ձայնն է, որ կը զարնուի պատերուն։ Աշակերտներու բազմութիւնս փարած ենք մեր տետրակներուն։ Ինչպէ՜ս կարելի է հասնիլ Զարեանի բառերու ջրվէժին։ Ինչպէ՜ս կարելի է նոթատետրի ուռկանիդ մէջ բռնել ամէն մէկ բառն ու հնչիւնը…
Պարզ էր, որ պիտի չկրնայի լաւ նոթագրող մը ըլլալ, ինչպէս չեմ եղած լաւ ատենագրող մը մեր ժողովներուն մէջ։ Յստակ կը տեսնէի երկընտրանքը, որուն մէջ բռնուեր էի այդ պահուն։ Նայի՞լ, դիտե՞լ, ըմբոշխնե՞լ քրմական այս հոգեխօսութիւնը մեր ուսուցչին, թէ գլխահակ հետևիլ իր բառերուն և հևասպառ նոթ առնել։»
Որոշ մէկ կէտի վրայ, որոշումը առի բնազդաբար։ Ես նախընտրեցի առաջինը…Այնուհետև հրաշալի ազատութիւն մըն էր և վայելք մը։ Իր ամպիոնէն՝ մեր ուսուցիչը կը խօսէր ինծի…Ես ուղիղ հաղորդակցութեան մէջ էի իր բառերուն հետ։ Նոյնը կ՚ընէր նաև ընկերս՝ Սերոբ Երէցեանը։ Եւ մենք օրեր շարունակ միատեղ կը մտմտայինք Զարեանի բառերուն վրայ իր վերլուծումներու այս կամ այն թէզը խնդրոյ առարկայ դարձնելով։ Մենք նաև բախտաւոր էինք, որ մեր դասընկերուհին՝ Արփի Դերձակեանը հրաշալի նոթագրող մըն էր և իրմէ փոխ կ՚առնէինք իր նոթատետրը ընդօրինակելու համար։
Կ՚ապաւինիմ յառաջացած տարիքի իմ յիշողութեանս վերականգնելու համար ուսուցման իր ծրագիրը։ Շատ արագ նախամուտէ մը ետք՝ Միջագետքի քաղաքակրթութիւններուն վրայ թռուցիկ ակնարկով (յատուկ շեշտ մը դնելով Սումերներու հրաշքին), Զարեան որոշ ժամանակ դրաւ եգիպտական արուեստի բնորոշ գիծերուն վրայ և անցում կատարեց դէպի յունական քաղաքակրթութիւնը։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս ան կը ջանար յստակ ընել մեզի հելլենական արուեստի սկզբնական փուլերու եգիպտական առընչութիւնները։ Եւ թէ ինչպէ՞ս հելլենիզմը՝ աստիճանաբար խզուելով իր Մերձաւոր Արևելեան արմատներէն՝ կերտեց իր ինքնուրոյն անհատականութիւնը հիմը դնելով Արևմտեան մտածողութեան։ Զարեան կը շեշտէր, որ Յունաստանով սկիզբ կ՚առնէր մարդկութեան մեծ յեղափոխութիւնը, որ կը շարունակուէր մինչև մեր օրերը…Զարեանի խօսքին այդ պահը յստակօրէն կը յիշեմ։ Յանկարծ լոյսի շերտ մը նոր տիեզերք մը կը բանար մտքիս մէջ։ Իրականութեան մէջ, ես առաջին անգամ ըլլալով կ՚ըզգայի տիեզերքը, որուն մաս կը կազմէի։ Մտքի այս ովկիանոսը հեռաւոր և ինծմէ կտրուած ջրատարածութիւն մը չէր։ Ես մէջն էի անոր և դերակատա՛ր մը, կենդանի նաւո՛րդ մը։ Լուղո՛րդ մը։
Այդ իրիկուն, մեր համեստ տան աշխատասեղանիս առջև, ես մէկ շունչով գրեցի յօդուած մը, որուն խորագիրն էր «Յաւիտենական Արմէնը»…Քանի մը օր առաջ, Զարեան մեզի խօսեր էր Հայաստանի մասին։ Ան ըսեր էր, որ Հայաստանը պատահական հող մը չէր։ Ան ըսեր էր, որ Հայաստանը իր ոգեղէն գոյութեամբ մեծ առաքելութիւն մը մարմնաւորողն էր և կենսական գործօ՛նը՝ տիեզերքին իմաստ հաղորդելու մարդկային սեռի պարտաւորութեան։ Ան համոզուած էր, որ քաղաքակրթութեան իւրաքանչիւր ճառագայթումին մէջ իր վճռական խօսքը պիտի ունենար հայը։ Եւ որպէսզի հայը կարողանար ճեղքել իրեն պարտադրուած ներկայի բիրտ խաւարը և տէր կանգնիլ իր առաքելութեան, հայը պիտի նախ յեղափոխէր ինքզինք։ Պիտի թօթափէր իր վրայէն դարերու կեղծ դիզուածքը, որ մեզ ստրկացուցած էր և մեզ շեղած մեր առաքելութենէն։
Ճեմարանի իմ ուսուցիչներս մեծ անցեալի տէր յեղափոխականներ էին։ Անոնք ձևաւորողներն էին Հ.Յ. Դաշնակցութեան քաղաքական մտքին։ Անոնք պատմութիւն ստեղծողներն էին։ Անոնք անցած էին արիւնոտ ճանապարհ։ Մենք ամէն օր կ՚ապրէինք այդ մեծ հնոցին մէջ։ Յեղափոխութեան գաղափարը մեր ուսումնական կեանքին մաս կը կազմէր։ Բայց Զարեանի խօսքը այլ բան կ՚ըսէր։ Յեղափոխական ա՛յլ հրամայական մը ինքզինք կը պարտադրէր իր բառերուն մէջէն, որուն զգացողութիւնը շատ նոր էր մեզի համար։ Այդ օրերուն, ես մաս կը կազմէի մեր Լսարանական Միութեան հանդէսի՝ «Ջահակիր»ի խմբագրութեան և մեր խմբակի խորհրդատու ուսուցիչն էր Պր. Մուշեղը (Մ. Իշխան)։ Յօդուածս ցոյց տուի իրեն։ Նաև Հայ Գրականութեան մեր ուսուցչին՝ Պր. Սասունիին (Կարօ Սասունի)։ Պր. Սասունին իր ինքնահոս գրիչով լուսանցքին վրայ գրեր էր՝ «Շատ Լաւ է» և տակը երկու գիծ։ Բարձրագո՛յնը՝ Սասունիական գնահատական համակարգին։ Պր. Մուշեղը իր հաւանութիւնը տուաւ խմբագրութեան նիստի ընթացքին միայն՝ միաժամանակ առանց մեզի «զլանալու» իր յայտնի հիւմըրը։ Իսկ խմբագրութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց յօդուածս հրատարակութեան տալ որպէս առաջնորդող «Ջահակիր»ի յաջորդ համարին։
«Ջահակիր»ի օրինակները չեն վերապրած իմ այսօրուան գրադարանիս մէջ։ Հայրս էր, որ տարիներ շարունակ զանոնք պահած էր իր գրադարանին մէջ, մինչև որ այդ գրադարանը զոհ գնաց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի կողոպուտներուն։ Բայց «Ջահակիր»ի այդ համարը անապատային կրկներևոյթի մը ուժականութեամբ աչքերուս առջև կը պսպղայ այս իսկ պահուն։ Եւ կը յիշեմ, որ Զարեանի դասապահէն դուրս գալէ ետք ես և ընկերներս հոգեպէս զինուորագրուած կ՚ըզգայինք Զարեանի քերթողական մտածողութեամբ կեանք առնող այս նոր յեղափոխութեան։
Յունական քաղաքակրթութեան մեծ տեղ յատկացուց Զարեան այդ տարի։ Մեծ տեղ՝ մանաւանդ Պերիկլէսեան ոսկեդարո՛ւն։ Այդ տարիներուն, մենք տակաւին չունէինք լսատեսողական լայն միջոցներ։ Ճեմարանը տիրացած էր հրաշք գործիքի մը, զոր կը կոչէին «մոգական լապտեր»…Շնորհիւ այդ գործիքին, Զարեան իր հաւաքածոյէն կրնար պատին վրայ լուսասփռել Ֆիդէասի գլուխ գործոցները մեզ հաղորկակից ընելով Ֆիդէյեան ստեղծագործութեան անզուգական հաւասարակշռութիւններուն։ Իր ցուցամատը կը պտըտէր պատի նկարին մանրամասնութիւններուն վրայ մեր ուշադրութեան յաձնելով չափակշիռները Ֆիդէասի յղացքին։ Մարդն է գերագոյն չափը ամէն ինչին, կ՚ըսէր Զարեան բացայայտելով յունական մտքին հիմնական այս օրինաչափութիւնը (առանց տալու Պրոտագորասի անունը)։ Ի դէպ այդ օրերուն հայրենի մեր լեզուաբանները դեռ չէին ստեղծած կարծեմ «օրինաչափութիւն» բառը։ Զարեան իր ոգեղէն բառամթերքով է, որ կը յայտնէր այդ միտքը։
Տարիներ ետք, Վրէժուհին և ես առիթը ունեցանք բարձրանալու Դելֆիի ուխտավայրը և ես ամէն քայլափոխին կը վերակազմէի մտքիս մէջ Զարեանի դասապահը։ Զարեան ըսեր էր, որ ողիմպիական մարդը իր մարմնի և մտքի համադրական կատարելագործմամբ իրականութեան կը վերածէր յունական մտքի իտէալը։ Ողիմպիական մարդը կենդանի մշտնջենաւորո՛ղն իսկ էր Ֆիդէական արուեստին։ Ֆիդէաս-հանճարը կը քանդակէր միտքը, իսկ յոյն մարդը իր կենսափորձով կ՚ապրէ՛ր զայն։ Յունականը այն քաղաքակրթութիւնն էր, որ համարձակութիւնը ունէր կատարեալը վերածելու ապրող իրականութեան։ Զարեանի այս խօսքերը կը ցնցէին երևակայութիւնս։ Թէև այդ մասին չէի խօսեր։ Չէի իսկ կրնա՜ր բառերու վերածել ներսս ալեկոծող ապրումը։ Զարեան աւելցուցեր էր, որ այդ իսկ պատճառով յոյները իրենց ողիմպիական մարզադաշտը տեղաւորած էին նոյնինքն Դելֆիի ուխտավայրին մէջ։ Ես կեցած էի ուխտավայրի խճըճուած հնավայրին կեդրոնը և կը փնտռէի Զարեանի յիշած մարզադաշտը, զոր կարելի չէր պատկերացնել այդ տարածութեան մէջ…Յետոյ որոշեցի քալել դէպի բարձունքը, հնավայրէն աւելի վեր։ Եւ յանկարծ մեծ գի՛ւտը…Հելլեններու ողիմպիական մարզադաշտը վերապրա՛ծ էր լեռնաշխարհի այդ խաղաղութեան մէջ։ Եւ զգացի, որ հոն էին դեռ հնադարեան Յունաստանի «ողիմպացիները»՝ յունական աշխարհի մարզիկնե՛րը։ Հոն էր այն հրաշք տղան, որ պատրաստ էր արձակելու իր մոգական սկաւառակը…
Հելլենականին յաջորդեցին Հելլենիստականն ու Հռոմը հասնելով մինչև Արևելքի կայսրութեան՝ Բիւզանդիոնին և վերջապէս Իտալական Վերածնունդին։ Տարուան մնացեալ մասը Զարեան յատկացուց Վերածնունդի ցնցիչ իրականութեան և նաև Արևելքին։ Զարեան կը հաւատար, որ Եւրոպան իր միջնադարեան ծանծաղուտէն դուրս բերողը Արևելքն էր եղած և այստեղ ևս մեծ դերակատարութիւն մը վերապահուած էր Հայաստանին։ Ինք համոզուած էր, որ Վերածնունդի հսկաներէն՝ Լէոնարդոն անպայման այցելած էր Հայաստան։ Այլ արևելեան երկիրներու կարգին, մեր երկիրը ևս եղած էր սնուցման աղբիւր հիւմանիզմի նոր աւիշներով սնանող Վերածնունդի մտքին համար։
Կը յիշեմ Զարեանի վերլուծումը Միքէլ Անջելոյի Դաւիթին և հանճարեղ քանդակագործի վերջին «անաւարտ» քանդակներուն մասին։ Կրկին վերադառնալով հասուն տարիքի իմ օրագրի էջերուն՝ «…Մեր արձակուրդի վայրը Ֆլորանսը պիտի ըլլայ։ Շատ հին է իմ կապս Վերածնունդի այս չքնաղ ոստանին հետ։ Դեռ իմ ճեմարանականի օրերէս սկսած ես հեռուէ հեռու երևակայեր եմ զայն։ Այս շքեղ տեղանունը ականջիս մէջ միշտ կը հնչէ Կոստան Զարեանի բամբ ձայնով։ Ֆիորենցիա՜ ՝ որտեղ իշխում է Դաւիթը. նա կարողացել է տապալել Գողիաթին. նա՝ որի աչքերի մէջ հորիզոնն է պարփակւում և որի յաղթ հասակով՝ մարդը հաւասարւում է աստուածներին։ Ֆիորենցիայի հանճարի մէջ փայլատակում է նաև հայոց երկրի արևը…»
Զարեանի խօսքերէն ես հետզհետէ կը համոզուէի, որ Իտալական Վերածնունդը շատ անձնական տեղ մը ունէր իր մտածողութեան մէջ։ Այդ օրերէն ի վեր, ես երկար ճամբայ կտրեցի շատ բան կարդալով, շատ բան սերտելով, շատ բան ձևաւորելով մտքիս մէջ և հանելով իմ անձնական եզրակացութիւններս։ Ես կարդացի Զարեանի գործը իր ամբողջութեանը մէջ և որոշ գրքեր՝ երկրորդ անգամ։ Բայց իր դասապահերէն իմ մէջ խթանուած մտքի ներուժը յիշողութիւն մըն է, որ զիս այսօր իսկ կը համակէ երախտագիտութեան ջերմ զգացումով մը։ Ես անձամբ իրեն կը պարտիմ փիլիսոփայութեան խնդիրներու իմ առաջին գիտակցութիւնս։ Ես իրմով սկսայ տեսնել ինքզինքս։ Պրոտագորասի յայտնի միտքը մարդը համարելով չափը ամէն ինչին իրմով է, որ առաջին անգամ կեանք առաւ գիտակցութեանս մէջ թէկուզ սաղմնային իր սկզբնատարրերով։ Նախապղատոնական և նոյնիսկ նախասոկրատեան այս գիւտը այսօր իսկ լիազօրող է և հաստատագրող։
Աստուծոյ գաղափարը անբաժանելի եղած է մեր տուներու մշակոյթէն մեր ծնած օրերէն իսկ։ Ցեղասպանութենէն վերապրած Սփիւռքը ամէն օր կ՚ապրէր իր տարագրութիւնը մեր տուներու ամենէն առօրէական նորմերով։ Մեր ժողովուրդը երբեք չվայրենացաւ։ Ան երբեք երես չդարձուց Աստուծոյ։ Աստուած մեծ է, կ՚ըսէին մեր մեծերը ամէն ցաւ դիմագրաւելով։ Իսկ ո՞վ էր այդ Աստուածը և ո՞ւր էր ան և ի՞նչ կերպարանք ունէր և թէ ինչպէ՞ս կարելի էր առընչուիլ այդ ամենակալին հետ, մենք՝ նորերս չունէինք բանալիները այս անհանգստացնող հարցումներուն…Զարեանի մտահամակարգը ինքնաբերաբար կ՚առաջնորդէր մեզ այս հարցադրութիւններուն։ Հիմա կը մտածեմ, որ իր դասապահը յղացուած էր իր կողմէ այս արմատական հարցադրութեանց աշխատանոցը ըլլալու։ Իր յաճախ արհամարհական թուող վերաբերմունքը մեր հասարակութեան ամէնօրեայ վարքագծին հանդէպ կը բխէր իր անհամբերութենէն դէպի հայ մարդը, որ – ըստ իրեն – կը վատնէր իր ժամանակը։
Զարեանի դասապահէն ներշնչուած մտքերը մենք յաճախ կը տանէինք մեր միւս ուսուցիչներուն, որոնցմէ ամէն մէկը իր ուրոյն մեկնաբանութիւնը կը բերէր արծարծուող հարցերուն։ Զարեան երկար ժամանակ դրաւ Դանտէի մտածողութեան վրայ։ Միաժամանակ մենք կը սերտէինք էջեր Դանտէի «Աստուածային Կատակերգութիւնը» կոթողական երկէն Պր. Մուշեղի «Համաշխարհային Գրականութիւն» դասանիւթի բովին մէջ։ Պր. Մուշեղ — ինք ևս մօտէն հետևող՝ Զարեանի դասապահին – մեզ կը պատրաստէր Զարեանի մեկնաբանութիւններուն։ Նոյնպիսի զուգահեռներ սեղան կը բերուէին ուսուցիչներ՝ Վրացեանի, Գիւզալեանի, Սասունիի, Տիկ. Եոլանտի և Սըրին (Պր. Քեհիայեան) կողմէ։ Այսօր յուզումով կ՚անդրադառնամ, որ մենք կ՚ապրէինք հրաշալի ժամանակներու մէջ։
Ես կրնամ երկար գրել Զարեանի և մեր ճեմարանական կեանքի անմոռանալի արկածախնդրութիւններուն մասին։ Կ՚ուզեմ յուշերու այս պատումը եզրափակել մանրավէպով մը, որ կու տայ Զարեանի կենդանագրին յատուկ մէկ երեսը։
Ճեմարանի կեանքին պոռթկուն մէկ վայրկեանը մեր տարեկան պտոյտն էր ամէն գարնանամուտին, երբ Լիբանանը կը մտնէր իր շքեղ հանդերձանքին մէջ։ Առտու կանուխ, մեր հանրաշարժները ճամբայ կ՚ելլէին դէպի լեռները։ Խենթութեան պահն էր ամբողջ տարուան մը կարգապահութիւններէն ետք։ Երգ, պար, հրմշտուք, կատակաբանութիւննե՜ր։ Մեր ուսուցիչները հազիւ թէ կը կարողանային պահել նուազագոյն կարգը։ Չէին պահեր։ Իրենք ևս մաս կը կազմէին ընդհանուր գինովութեան։ Յատկապէս Պր. Բանեանն ու Պր. Թոփալեանը։ Այնուամենայնիւ մենք գիտէինք մեր սահմանները։ Անոնք մեր բնազդին մաս կը կազմէին։ Պր. Վրացեանին շուքը ծանր էր հակառակ այն բանին, որ ինք ևս կը հրճուէր իր շուրջ տեսնելով երիտասարդական այս անիշխանութիւնը։
Նկատեցինք այդ տարի, որ պտոյտին կը մասնակցէր նաև Զարեանը իր ամերիկացի տիկնոջ՝ Տիկ. Պրուքսի ընկերակցութեամբ…Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեր բնազդները դարձան այդ անսովոր փաստին դէմ։ Բան չըսինք իրարու, բայց կար մեր լուռ հաղորդակցութիւնը աչքէ աչք, որ կը յուշէր, թէ բան մը նոյնը պիտի չըլլար այդ տարի… Պր. Վրացեանին զսպիչ ներկայութիւնը՝ դեռ ոչի՜նչ…Ուրիշ բան էր Զարեանը։ Անոր հետ մենք երբեք չէինք կատակած։ Ան երբեք չէր կատակաբանած իր պահերու ընթացքին։ Ան «Աստուած»ն էր, որմէ հեռու պիտի կենայիր և ուշադիր լսէիր իր խօսքը։ Հիմա վրան կ՚աւելնար Տիկ. Զարեանը։ Շուտով պարզուեցաւ, որ «Աստուծոյ» կողքին գտնուող այս վտիտ ու անուշիկ կինը պարզ ու բարեհաճ մարդկային էակ մըն էր, որ ճիգ կ՚ընէր մեզի հետ հաղորկակցելու…Ուաո՛ւ։ Ընկերներէս քեսապցի Մինաս Սողոմոնեանը շատ դիպուկ խօսք մը փսփսաց ականջիս՝ «Ինչպէ՞ս կ՚ապրի այս կինը այս հսկային հետ»։ Այս հարցումին պատասխանը փնտռեցէք Մ. Իշխանի յուշերուն մէջ («Իմ Ուսուցիչներս»)։
Առաջին ժամու զուսպ ու վերապահ Զարեանը, սակայն, յանկարծ կերպարանափոխուեցաւ։ «Աստուած» իջաւ իր գահէն և միացաւ Երկրային Դրախտի իր ձեռնասուններուն։ Չեմ յիշեր ինչպէս յանկարծ հաւաքուեցանք յետ-միջօրէի այդ քաղցր պահուն և առանց կարգ ու կանոնի որոշեցինք երգել քառաձայն բոլոր այն երգերը, զորս սորվեր էինք մեր երգչախումբի ծրագրով և մեր մեծ ուսուցիչ՝ Բարսեղ Կանաչեանի մեղուային աշխատանքով։ Կանաչեան չէր մասնակցեր պտոյտին։ Երևի իր թոյլ տեսողութիւնը մեծապէս կը դժուարացնէր նման պերճանքը։ Տիկ. Եոլանտ յղացաւ հանճարեղ գաղափարը օրուան խմբավարութիւնը յանձնելու Կոստան Զարեանին…Զարեան այս հրաւէրը ընդունեց պատանիի խանդավառութեամբ։ Ցատկեց իր աթոռէն, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Եոլանտին, յետոյ Պր. Վրացեանին, յետոյ գողտրիկ համբոյր մը դրոշմեց Տիկ. Պրուքսի գլուխին և գետնէն վերցուց լիբանանեան շոճիի ոստ մը որպէս ճիպոտ։ Այնուհետև մեծ բեմադրութիւն մըն էր անզուսպ կատակաբանութեամբ և վայելքով։ Մենք երգեցինք։ Երգեցինք յարգելով ամէն մէկ նրբութիւնը և ինք ղեկավարեց մեծ նրբազգացութեամբ և մեծ պաշտամունքով մը դէպի Կոմիտասեան երգին խորհրդաւոր խազերը։ Մենակատարուհիներն էին Տիկ. Եոլանտը և երիտասարդ ուսուցչուհիներէն՝ Մարժոլէն Պուտաքեանն ու մեր դպրոցի հրաշք մանկապարտիզմանուհին՝ Հուրի Փափազեանը։
Մեր ինքնակոչ համերգը վերջ գտնելէն ետք, Զարեան որոշեց խօսիլ Կոմիտասի մասին, որ իր մտաշխարհին մէջ ընդելուզուած էր մեր ճարտարապետութեան, մեր պարերուն, մեր մանրանկարչութեան, մեր լեզուի ներքին գաղտնիքներուն, Արարատեան Դաշտավայրի երանգներուն, մեր դիցաբանութեան, մեր դիւցազնավէպին, Խորենացիին։ Բայց այս անգամ տարբեր Զարեան մըն էր։ Ջուրերը հանդարտած էին։ Ովկիանոսը կը լռէր՝ յանկարծ հեզաբարոյ դարձած ցուլի մը պէս։ Ինծի թուեցաւ, որ Զարեան կ՚ապրէր խորունկ առանձնութեան մը մէջ։ Թուեցաւ, որ ան միշտ ապրած էր հոն։
Յարգա՜նք իր յիշատակին։
Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 13, 2023
Մըքլէյն