կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-13 10:20
Սփյուռք

Ո՞ւր է սահմանագիծը

Ո՞ւր է սահմանագիծը

Այսօր, աւելորդ անգամ մը ևս, հաստատուեցաւ, որ ՀՀ իշխանութեան գերագոյն դիրքը զբաղեցնող անձնաւորութիւնը և իր վարչախումբը վերջնականօրէն սնանկացած են թէ՛որպէս կառավարութիւն և թէ՛որպէս քաղաքական ուժ և պէտք է անյապաղ դուրս գան հայ անկախ պետականութեան քաղաքական բեմէն։

Ազրպէյճանական զինուժը, այս առաւօտ, խախտելով գոյութիւն ունեցող բոլոր պայմանագրերը, 3.5 քմ խորութեամբ (Սիւնիքի մէջ) յառաջացաւ հայկական գիծերէն ներս առանց դոյզն դիմադրութեան։

Այս փաստը, երկար և ապակողմնորոշիչ ելոյթներէ ետք, ի վերջոյ հաստատեց նոյնինքն Պր. Փաշինեան միաժամանակ յայտարարելով, որ իր կառավարութիւնը դիւանագիտական միջոցառումներէ զատ որևէ այլ քայլի դիմելու մտադրութիւն չունի։

Ակնյայտօրէն կը գտնուինք թշնամիի նոր նախաձեռնութիւններու նախօրեակին։ Զարմանալ պէտք չէ։ Թշնամին չէ մեզ ապակողմնորոշողը։ Մեզ ապակողմնորոշողը ՀՀ իշխանութիւնը առևանգած իշխանաւորն է։ Թշնամին յստակ է իր դիտաւորութիւններուն մէջ։ Ան բացէ ի բաց յայտարարած է, թէ ի՞նչ կը ծրագրէ ընել Սիւնիքի կապակցութեամբ։Եւ պատրաստ է դիմելու պատերազմական գործողութիւններու։

Իսկ ՀՀ իշխանութիւնը ի սկզբանէ ինքզինք հռչակած է պարտուած։ Ան նոյնիսկ «արժանի» չէ պատերազմող կողմ ըլլալու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ։ Ան ինքզինքին զլացած է այդ արժանիքը, քանի որ ան զուրկ է արժանապատիւ պետականութեան արժէքային համակարգէն։ Ինչպիսի՜ ահաւոր զրկա՛նք՝ որուն նշաւակ կը դառնայ մեր ազգը։ Պատերազմող կողմը կը յառաջանայ մեր հողերէն ներս առանց դոյզն պաշտպանողականի։ Ի՜նչ պատերազմ, կ՚ըսէ երևի Ալիև զարմանալով իր բախտին վրայ և այպանելով ինքզինք աւելին չպահանջելուն համար։ Ասիկա այլևս միակողմանի անձնատւութիւն է մեր երկրի թուլամորթ իշխանութեան կողմէ։ Մեր երկիրը բլուր առ բլուր կը յանձնուի առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու։

Հետևելով Պր. Փաշինեանի հրահանգին, ՀՀ ԱրտԳործՆախարար Պր. Այվազեան դիմած է Մոսկուայի օգնութեան…ՌԴ ԱրտԳործՆախարար Պր. Լաւրովէն ակնկալելով իր — և մեր — փրկութիւնը։ Հարցո՛ւմ. ինչո՞ւ Մոսկուա պիտի ուզէ կասեցնել ազրպէյճանական յարձակողականը։ Արդեօք Երևանի մանր քաղաքագէտները կը կարծեն, թէ թշնամին կը գործէ պարապութեան (vacuum) մէ՞ջ։ Հո՞ս հասանք։ Ի վիճակի չե՞ն կռահելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ և այլուր (ԱՊՀ տիեզերքէն ներս) ամէն բան համադրուած է ի սկզբանէ նոյնիսկ եթէ իրենք ընդգրկուած չեն տարածաշրջանի խաղին մէջ։

Յամենայն դէպս ՀՀ հանրութիւնը մեծ սխալ մը կը գործէ այս հարցերուն պատասխանը ակնկալելով Պր. Փաշինեանէն, որ առհասարակ հետաքրքրուած չի թուիր ըլլալ հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահերով։ Ան հետաքրքրուած է իր պատանդի գոյավիճակը վերարտադրելով և իր յանցաւոր համակարգը մշտնջենաւորելով։

Այսօր, ՀՀ ընդդիմութիւնը հաւաքաբար անյետաձգելի պարտաւորութեան տակ կը գտնուի ընտրարշաւէն շատ անդին անցնելու և մէկ ընդհանուր հակաճգնաժամային քաղաքականութիւն որդեգրելու։

Քաղաքականութի՛ւն՝ որ յստակօրէն կը բանաձևէ ընդդիմութեան հաւաքական դիրքորոշումը ՀՀ յետպատերազմեան կենսական յանձնառութիւններուն մասին։

Քաղաքականութի՛ւն ՝որ յստակ խօսք կ՚ըսէ, թէ ո՞րն է իր կողմէ կանխորոշուած ՀՀ և ԱՀ անվտանգային սահմանագիծը անկախ այն բանէն, թէ ի՞նչ ըսուած է Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրին և անոր հետևող այլ յայտնի կամ գաղտնի համաձայնութիւններուն մէջ։ Քաղաքականութի՛ւն՝ որ տէր կը կանգնի հայ անկախ պետականութեան դատին։ Տէր կը կանգնի ՀՀ քաղաքացիի դատին։ Եւ վերջապէս քաղաքականութի՛ւն ՝ որ յստակօրէն կը գծէ մեր ճանապարհային քարտէզը ներկայ գահավէժը կասեցնելու։

Անկեղծ պիտի ըլլանք և պիտի ընդունինք, որ Հայաստան Դաշինքի ոգևորող յայտարարութենէն ետք հանրութիւնը դրուած է հարցականի առջև։ Կը ձևաւորուին նոր բևեռներ ընտրական դաշտէն ներս Հայաստան Դաշինքէն անկախ մտնելու ընտրական դաշտէն ներս։ Այսպիսի կոտորակումները միայն կ՚աւելցնեն Փաշինեանի խուսանաւելու կարելիութիւնները և միայն կը նուազեցնեն մեր միասնական ուժը թշնամիի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու։

ԱՆԿԱԽ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐԷ՝ ԿԵՆՍԱԿԱ՛Ն Է, ՈՐ ԱՄԲՈՂՋ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՈՒԽՏԱԳԻՐ ՄԸ (PACT) ԻՆՔԶԻՆՔ ԴՆԵԼՈՎ ԱՐՏԱՔԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՅՍՏԱԿՕՐԷՆ ՃՇՏԵԼՈՎ ԻՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՇՈՒՇԻԻ, ՀԱՏՐՈՒԹԻ, ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ, ՔԱՇԱԹԱՂԻ, ՍԻՒՆԻՔԻ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԼ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ։

Պարզ խօսքով, ընդդիմութիւնը պէտք է յստակացնէ իր կարմիր գիծերը յանուն հայ անկախ պետականութեան։ Առանց նմանօրինակ յստակ յանձնառութեան, կարելի չէ ակնկալել ՀՀ քաղաքացիական հասարակութեան և առհասարակ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի միասնական ներդրումը յառաջիկայ օրերու մեր ազգային պայքարին մէջ։

Այսօր, մենք համոզած ենք թշնամին, որ հայկական կողմը այլևս չի գիտեր, թէ ուրկէ՞ կ՚անցնի կամ ո՞ւր կանգ կ՚առնէ իր հայրենիքի սահմանագիծը։ Շնորհի՜ւ Փաշինեանական իշխանութեան մենք այլևս կոսնցուցած կը թուինք հաւաքական գիտակցութիւնը մեր հայրենական ժառանգութեան (patrimoine)։ Մենք այսպէս է,որ կորսնցուցինք մեր երկիրը վեց հարիւր տարի շարունակ ապրելով գերութեան մէջ։ Արմենական, Հնչակեան և ի վերջոյ Դաշնակցական ռահվիրաներու յեղափոխական սերունդն էր, որ համարձակօրէն ետ շրջեց պատմութեան անիւը և տէր կանգնեցաւ հայոց հայրենիքի շօշափելի իրականութեան։ Անոնք ճշտեցին սահմանագիծը։ Անոնք վերականգնեցին մեր արժանապատւութիւնը։ Այս ուշ ժամուն չէ, որ մեր ժողովուրդը թոյլ պիտի տայ, որ խումբ մը բոլշևիկեան քլոններ վերստին մատնեն մեզ պատմութեան ամօթին։ Այդ բանը տեղի պիտի չունենայ։ Այդ բանը Փաշինեանն ու իր հետևորդները պիտի չտեսնեն։ Իրենք յետադիմականներն են, որոնք դուրս պիտի քշուին հայ ժողովուրդի պատմութեան բեմէն։ Դուրս պիտի քշուին ամէն գնով։

Կարօ Արմենեան
Մայիս 12, 2021