կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-23 14:25
Սփյուռք

CovAID Armenia Նախաձեռնութիւնը

CovAID Armenia Նախաձեռնութիւնը

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը աննախընթաց մարտահրաւէրներու առջեւ դրած է ամբողջ աշխարհը: Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, մեծապէս երախտապարտ ենք մեր համայնքին, որ ամէն ձեւով սատարեց կարիքաւոր ընտանիքներու նպաստելու մեր առաքելութեան: Մինչ համայնքային մեր կեանքը սառեցուած էր Ինքնամեկուսացումի պայմաններուն մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն շրջանի ուղեկից միութիւններուն հետ յառաջացուց մեր համայնքի կարիքաւորներուն օժանդակելու աշխատանքային յանձնախումբը:

Անցնող ամիսներուն, մեր համայնքին կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, Աշխատանքային այս յանձնախումբը կարելիութիւնը ունեցաւ նպաստներ բաշխելու հարիւրաւոր կարիքաւոր անհատներու եւ ընտանիքներու, իր ստեղծած օժանդակութեան հեռաձայնային ցանցով առողջապահական ցուցմունքներ փոխանցելու մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ պետական տարբեր տեսակի նպաստներու մասին մեր համայնքի աշխատաւոր, ուսանող, գործարար, վարձակալ եւ բնակարանատէր խաւերը տեղեակ պահելու:

Մինչ համաճարակի տագնապը համեմատական մեղմացում կ՛արձանագրէ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, անդին՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը նոր թափ կը ստանայ այս օրերուն: Այս պատճառով ալ, այս օրերու մեր հիմնական հարցը դարձած է Հայաստանի մեր ժողովուրդին օգնութեան հասնելու հրամայականը: Այս նպատակին համար կազմուած է ՀՅԴի Հայաստանի Օգնութեան Նախաձեռնելու մարմինը, որուն աշխատանքներուն մեծապէս կը մասնակցին նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակութիւնը եւ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական Միութիւնը:

Այս յանձնախումբին կատարուած նուիրատուութիւնները համագործակցաբար ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասրդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան՝ պիտի յատկացուին Հայաստանի գիւղական շրջաններու կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան:

Կոչ կ՛ընենք մեր համայնքին, որ անգամ մը եւս իր սրտաբուխ նուիրատուութիւններով մասնակցի մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու այս գործին, յատկապէս Հայաստանի համար տագնապահար այս օրերուն: Ձեր տուրքէ զուրկ (tax free) նուիրատուութիւնները կատարեցէք «Ֆէյսպուք»ի հետեւեալ կապին միջոցաւ

Հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք կողք-կողքի ըլլալու եւ ձեռք երկարելու խոցելի համայնքներուն, երբ մենք մեր կարգին կը յարմարինք փոխուող իրականութեան:

Մեզի առաւել եւս օգնած կ՛ըլլաք՝ մեր նախաձեռնութեան տեղեկութիւնը փոխանցելով ձեր հարազատներուն եւ ընկերներուն:

Շնորհակալութիւն՝ մեր համայնքին մաս կազմելնուդ համար:

asbarez.com