կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-07 16:43
Սփյուռք

Զօրակցինք Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն

Զօրակցինք Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն

Պէյ­րու­թը ցնցած ա­հա­ւոր պայ­թու­մը, իր ա­ւե­րիչ հե­տե­ւանք­նե­րով, ծանր վնաս­նե­րու են­թար­կած է նաեւ հա­յա­հոծ շրջան­նե­րը՝ խլե­լով մարդ­կա­յին կեան­քեր ու յա­ռա­ջացնե­լով բազ­մա­թիւ վի­րա­ւոր­ներ: ­Մեծ վնաս­ներ կրած են մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րը, վա­ճա­ռա­տու­նե­րը, ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան, կրթա­կան, բա­րե­սի­րա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րը:

Ըստ մեր քա­ղած նո­րա­գոյն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն` հա­մայն­քի կեդ­րո­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, կու­սակ­ցա­կան, միու­թե­նա­կան եւ մա­մու­լի գրա­սե­նեակ­նե­րը ի­րենց ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան տակ կը գտնո­ւին:

Ա­հա­ւոր պայ­թու­մը ե­կաւ յա­ջոր­դե­լու ­Լի­բա­նա­նի մէջ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ար­դէն ստեղ­ծո­ւած տնտե­սա­կան ան­յաղ­թա­հա­րե­լի ճգնա­ժա­մին, ո­րուն հա­մար Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն եւ գա­ղու­թի ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան մար­մին­նե­րը, պիւտ­ճէա­կան ի­րենց դժո­ւա­րու­թեանց մէջ եւ ներ­քին հան­գա­նա­կու­թեամբ, միաս­նա­բար գո­յա­ցու­ցած էին 10.000 եւ­րո­յի գու­մար մը, իբ­րեւ նպաս­տի խորհր­դան­շա­կան դոյզն ար­տա­յայ­տու­թիւն:

­Պայ­թու­մէն ա­ռա­ւել եւս խո­րա­ցած տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի ներ­կայ սահմռ­կե­ցու­ցիչ պայ­ման­նե­րու մէջ, ա­մէն մէկ հա­յու մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ան­յե­տաձ­գե­լի նո­ւա­զա­գոյն պարտ­քը նկա­տե­լով ­Լի­բա­նա­նի հա­յա­գա­ղու­թին օգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ո­րո­շե­ցինք ժո­ղովր­դա­յին հան­գա­նա­կու­թեան ձեռ­նար­կել եւ սրտա­գին կո­չով մը դի­մել մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րուն, որ սրտա­բուխ մաս­նակ­ցին այս դրա­մա­հա­ւա­քին ստո­րեւ նշո­ւած դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­նե­րու մի­ջո­ցաւ:

Εθνική: IBAN GR1801101840000018429600283
Alpha Bank: IBAN GR0201401140114002002005300
Πειραιώς: IBANGR2801720420005042068319229

­Կա­տա­րո­ւած ա­մէն նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն ազ­նիւ ներդ­րում եւ նե­ցուկ մը պի­տի ըլ­լայ ­Լի­բա­նա­նի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար:

Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

­Լի­բա­նա­նի ող­բեր­գու­թիւ­նը մեծ է, որ­մէ ան­մասն չէ ­Լի­բա­նա­նի մեր գա­ղու­թը: Ա­հա թէ ին­չու հա­մա­հայ­կա­կան զօ­րա­շար­ժը օ­րահ­րա­ման է:

­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­վար­չու­թիւն
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն

azator.gr