կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-25 14:53
Հասարակություն

Աջակցութիւն Ատրպէյճանին կիպրոսի թուրքերուն կողմէ

Աջակցութիւն Ատրպէյճանին կիպրոսի թուրքերուն կողմէ

Կիպրոսի թրքական բռնագրաւել շրջանի կեղծ-վարչապետ Էրսին Թաթար Յուլիսի 15ին 2020ին գրաւոր հաղորդագրութեամբ մը թուրք կիպրացիներու անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանին հայ ատրպէյճանական սահմանային բախումներու կապակցութեամբ։ «Թուրք կիպրացի ժողովուրդը միշտ ալ պաշտպանած է Ատրպէյճանին եւ միշտ ալ պիտի շարունակէ պաշտպանել զանոնք։ Վերջիվերջոյ Հայաստանը պիտի վճառէ իր յարձակումներուն համար», գրած է ան։

«Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հայցենք Ատրպէյճանի մարտիրոսներուն համար։ Հայաստանը կը խոչընդոտէ խաղաղութեանը եւ բարգաւաճմանը Կովկասի մէջ եւ կը շարունակէ բռնազաւթել Ղարաբաղը եւ նոր յարձակումներ կը կատարէ Ատրպէյճանի վրայ։ Ատրպէյճանը ներուժը ունի հակադարձելու հայկական յարձակումներուն»։

Նշենք նաեւ որ Նիկոսիոյ բռնագրաւեալ տարածքներուն վրայ, Յուլիս 19-ին խումբ մը ազերիներ աւտոերթով ցոյց մը կատարած են «Հայաստանի յարձակումներուն» դէմ։