Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը Չորեքշաբթի, 19 Յունիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Փորթանթինօ Ծերակոյտին ներկայացուց բանաձեւ մը, որուն նպատակն է հոգալ Հայոց Ցեղասպանութեան առիթով, Ապրիլ 24ին Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանը փակ պահելու ծախսերը, գրում է Asbarez-ը:
Նշենք, որ ներկայ օրէնքներով, նահանգի իշխանութիւնները պիտի չվճարեն այդ օրուան համար նախատեսուած գումարը, եթէ համալսարանը փակ մնայ։
Փորթանթինօ կը յայտնէ, թէ համալսարանը պէտք չէ նիւթական վնաս կրէ Ապրիլ 24ին համալսարանը փակելու որոշումին համար, որուն նպատակն է յարգել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, բան մը, որ յոյժ կարեւոր է համայնքին ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։
Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Վահէ Փիրումեան դրուատեց Փորթանթինոյի այս քայլը՝ աւելցնելով, որ ինչ ալ ըլլայ պարագան, համալսարանը փակ պիտի մնայ Ապրիլ 24ին, յիշելու համար Ցեղասպանութեան զոհերը։