կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-26 13:59
Սփյուռք

Անտեսուած մտահոգութիւն

Անտեսուած մտահոգութիւն

Թրքալեզու երկիրներու վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ Հոկտեմբեր 15, 2019ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Նախագահները կատարեցին հակահայ թշնամական յայտարարութիւններ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարեց, որ Զանգեզուրը (Սիւնիքը) պատմականօրէն Ատրպէյճան է եւ անոր փոխանցումը Հայաստանին պատճառ դարձած է թրքական աշխարհի բաժանման: Իր կարգին, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան իր լաւագոյնը պիտի կատարէ ապահովելու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:

Այս զոյգ յայտարարութիւնները յատուկ զգայնութիւն չյառաջացուցին հայութեան մօտ: Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, համայն հայութիւնը մնաց բազմազբաղ իր ներքին հարցերով: Ամուլսարի գործարկման իրավիճակ, Իսթանպուլեան Համաժողովի ընդունման տեսակէտներու բախում, Բարձրագոյն Ուսումնական Հաստատութիւններէն ներս Հայոց լեզուի պարտադիր կարգավիճակէն դուրս բերէլու բանավէճ, Երեւան քաղաքի աղբահաւաքման մեքենաներու նուիրատութեան ոչ-օրինական գործընթաց, եւ անշուշտ երկրորդ Նախագահի դատավարութիւն, Երրորդ Նախագահի ձերբակալման պահանջք, առաջին նախագահի սխալներու հանդէպ իշխանութեան ցուցաբերած անտեղի ներողամիտ վերաբերմունք:

Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ ներքին մեծ ու փոքր այլ հարցեր, յաճախ արhեստական ու շինծու, գերակշռեցին Ալիեւի եւ Էրտողանի յայտարարութիւնները, որոնք միմիայն կը միտին Հայաստանի ու հայութեան գերեզմանի հորատման:

Երբ Ատրպյճան անդադար կրակոցներու ճամբով պատերազմական իրավիճակ կը ստեղծէ հայ ատրպեճանական ամբողջ սահմանին երկարութեամբ, եւ Թուրքիան իր զօրքերով, արդէն իսկ գրաւման ենթարկած է հիւսիսային Սուրիան, իրաւունք չունինք չկասկածելու, որ թրքական զօրքերը պաշտօնապէս իր զինուրական հակակշիռին տակ պիտի չառնէ Նախիջեւանը եւ զօրակցի Ատրպէյճանին, որ ան գրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հսկայական տարածքներ: Չմոռնանք յիշելու, որ Թուրքիան իր յարձակողապաշտ ռազմավարութեամբ գրաւման տակ կը պահէ հիւսիսայի Կիպրոսը 1974էն սկսեալ եւ յաճախակի կերպով կտրած է Իրաքի սահմանները «դաս» տալու Իրաքի Քիւրտերուն:

Այս իրողութեան դէմ հանդիման հայ պատմբանները, քաղաքագէտները եւ քաղաքական փորձագէտները յաճախակի հանդէս պէտք է գան բացատրելու եւ հաստատելու, որ Նախիջեւանը Հայաստան է, ինչպէս որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնն են: Այս բացատրութիւններով պէտք է հրաւիրենք Ռուսիոյ եւ Իրանի ուշադրութիւնը Նախիջեւանի շատ կարեւոր ռազմաքաղաքական իրվիճակին ուղղութեամբ եւ ահազանգել Թուրքիոյ կողմէ Նախիջեւանի, եւ Ատրպէյճանի կողմէ Զանգեզուրի ուղղութեամբ կատարուող հողային նկրտումներու մասին:

Իրականութեան մէջ, Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Արցախի գաւումով Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը միտին միացեալ թրքաքան աշխարհի ճամբով շրջափակել Ռուսիան հարաւէն, իսկ Իրանը հիւսիսէն: Որքանով, որ Նախիջեւանը հայկական հակակշիռի տակ մնալը Հայութեան համար օգտակար է, այդ շատ աւելով օգտակար է Իրանի եւ Ռուսիոյ համար: Տեսնենք, երբ Իրանն ու Ռուսիան դաս առնելով Թուրքիայէն պիտի գիտակցին եւ տէր կանգնին երենց ազգային շահերուն:

Յ.Գ. Քանի մը ամիսներէ ի վեր մտատանջումի մէջ էի, որ Հայաստանին կը սպառնայ օրհասական արտաքին լուրջ վտանգ: Տարբեր առիթներով, որոշեցի բաժնեկից դարձնել ֆէյսպուքի ընկերներս իմ մտահոգութեանց, բայց միշտ ալ հետաձգած եմ զայն, ժամանակը անյարմար գտնելուս պատճառով: Այս անգամ, որոշեցի նոր տարին մուտք չգործած մտահոգութիւնս բարձրաձայնել: Ներողամիտ եղէք եթէ ձեր Նոր Տարուան ուրախ մթնոլորտը խանգարեցի:

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ