կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-31 14:14
Հասարակություն

Հայտնի է, թե երբ տեղի կունենան Պոլսի նոր պատրիարքի ընտրությունները

Հայտնի է, թե երբ տեղի կունենան Պոլսի նոր պատրիարքի ընտրությունները

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ կատարեց պատկան մարմիններուն մօտ ակնկալուած դիմումը՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նախաձեռնարկ մարմնի երկուշաբթի օրուան ժողովէն վերջ որոշուած էր այս դիմումը կատարել՝ պետութենէն պահանջելու համար պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Հանրապետական շրջանին իւրաքանչիւր պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ, մէկ անգամուան համար օգտագործելի կանոնադրութիւն մը կ՚ուղարկուի Պատրիարքարան՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կը հետեւի նոյն նախընթացին։

Ինչպէս երէկուան մեր լրատուութեան մէջ հաղորդած էինք, Նախաձեռնարկ մարմինը դիմում-նամակին մէջ պատկան մարմիններու նկատառման յանձնած է նաեւ իր ժամկէտի հորիզոնը, որով կը նախատեսուի մինչեւ տարեվերջ աւարտին հասցնել ընտրական գործընթացը։ Դիմում-նամակին մէջ ներկայացուած է համապատասխան ժամանակացոյցի մը նախագիծը։ Այսպէս, հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերի 7-ին։ Աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան նպատակով կազմակերպուելիք ժողովրդական քուէարկութեան համար առաջարկուած թուականն է դեկտեմբերի 8-ը։ Նախաձեռնարկ մարմինը առաջարկած է, որ Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուի դեկտեմբերի 11-ին՝ ընտրելու համար Թուրքիոյ հայոց  85-րդ պատրիարքը։

Երէկ կուսակալութիւն ուղարկուած դիմում-նամակը ստորագրած են Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Այժմ պիտի սպասուի պատկան իշխանութիւններու արձագանգին։

Մինչ այդ պատասխանի սպասումը, կը տեղեկանանք, որ Նախաձեռնարկ մարմինը կը պատրաստուի նաեւ մամուլի միջոցաւ հրապարակել իր անդրանիկ զեկոյցը։

«Ժամանակ»