կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-15 12:06
Հասարակություն

Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս Հէրի Նաճարեանի Առաջին Ծրագիրը՝ Ֆրեզնօն Այնճարի Հետ Քոյր Քաղաք Դարձնելն Է.

Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս Հէրի Նաճարեանի Առաջին Ծրագիրը՝ Ֆրեզնօն Այնճարի Հետ Քոյր Քաղաք Դարձնելն Է.

Ֆրեզնոյի մօտ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս, ազգային բարերար Հէրի Նաճարեան՝ իբրեւ առաջին ձեռնարկ՝ Ֆրեզնօն Այնճարի հետ քոյր քաղաք դարձնելու ծրագիրը մշակած է, գրում է Asbarez.com-ը։ 

Նաճարեան, որ նշանակալի նուիրատուութիւններ կատարած է մեր համայնքի ազգային կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ու կրթական այլ նպատակներու, արդէն գործի անցած է եւ իր ծրագիրին իրականացման աշխատանքներուն նպատակով մեկնած է Պէյրութ:

Անթիլիասի մէջ, Նաճարեան հանդիպած է Մեծի Տաննա Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին հետ, որուն ներկայացուցած է իր ծրագիրը: Ան նաեւ վեհափառին ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ հայութեան վերաբերող կարգ մը երեւոյթներու եւ զարգացումներու պատկերը:

Յաջորդ օրը, Հինգշաբթի, 13 Յունիսին, իր ծրագիրի ծիրին մէջ, Նաճարեան երկրորդ հանդիպում մը ունեցաւ վեհափառ հայրապետին հետ՝ Արժանթինի մօտ Լիբանանի լիազօր դեսպան Ճանի Իպրահիմիի ընկերակցութեամբ:

0615najarian1

Նոյն օրը Նաճարեան ընդունեց լիբանանահայ պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանէ եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանէ, որոնց ներկայացուցած է Ֆրեզնօ-Այնճար՝ քոյր քաղաքի իր ծրագիրը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պեքաա նահանգի կառավարիչ Քամալ Ապու Ժաուտէ, Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Միրնա Խաուլի եւ նախկին հիւպատոս՝ այժմ Արժանթինի մօտ Լիբանանի լիազօր դեսպան Ճանի Իպրահիմ: Բագրատունի իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Նաճարեանի ծրագիրին:

Նշենք, որ ըստ մեր տեղեկութիւններուն, Ֆրեզնոյի քաղաքապետութիւնը արդէն յայտնած է իր դրական դիրքորոշումը այս ծրագիրին վերաբերեալ:

Իր նախաձեռնութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ Նաճարեան դիմած է Լոս Անճելըսի հայ համայնքէն հասարակական գործիչ Սեւակ Խաչատուրեանին, որպէսզի կազմէ եւ գլխաւորէ Ֆրեզնոյի յայտնի գործիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը: Խաչատուրեան սիրով ընդառաջած է Նաճարեանի դիմումին եւ արդէն անցած է գործի: