Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Տիանա Աղաբեկ Աբգարեան, ծնած է 12 Հոկտեմբեր 1859ին, Ռանկուն, Բրիտանական Պուրմա։ Փոքր տարիքին իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կալկաթա, ուր հայկական աշխոյժ գաղութ մը գոյութիւն ունեցած է: Ծնողքը եղած է պարսկահայ, հայրը՝ Նոր Ջուղա քաղաքէն, իսկ մայրը՝ Շիրազէն։ Ան եղած է ընտանիքին 7 զաւակներէն ամէնէն փոքրը: Տիանա Աբգար իր նախնական ուսումը ստացած է Կալկաթայի Ս. Սանդուխտեան վարժարանի աղջկանց դպրոցին մէջ: Ան սահուն կը խօսէր հայերէն, անգլերէն, հինտու եւ ճափոներէն:
Տիանա Աբգար 1888ին, 29 տարեկանին կ՛ամուսնանայ Աբգար Միքայէլ Աբգարի հետ, որուն մօր ընտանիքին արմատները Տիանայի մօր ծննդավայրէն էին:
Աբգար ընտանիքի անդամները մեծանուն առեւտրականներ եղած են հարաւային եւ ծայրագոյն արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:
1891ին, երիտասարդ զոյգը կը հաստատուի Ճափոնի Եոքոհամա քաղաքը ու կ՛ընդլայնէ ընտանեկան առեւտուրի գործունէութիւնը՝ հիմնելով արտածման ու ներածման ընկերութիւն մը: Տիանան կը զբաղի իր զաւակներուն դաստիարակութեամբ եւ նոյն ժամանակ կը սկսի գրելու: Յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն անոր գրական եւ պատմագիտական 10 գիրքերը, որոնցմէ երեքը նուիրուած էին Հայաստանի ու հայութեան դէմ գործուած բռնութիւններուն, ջարդերուն եւ տեղահանութեան:
Տիանա Աբգար օտար շրջանակներու մէջ համարձակօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ծանր վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ իր ջանքերուն շնորհիւ է որ Ճափոնը կ՛ըլլայ առաջին երկիրը, որ կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը 1920ին:
Գնահատելով Տիանա Աբգարի հայրենասիրական գործունէութիւնը՝ այդ օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանճանեան զայն կը նշանակէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ճափոնի դեսպան եւ Եոքոհամայի հիւպատոս: Ան մեծ ճիք կը թափէ Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան ճանաչման համար ու կը յարգուի միջազգային դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ: Սակայն ան չի բաւարարուիր. կը զբաղի նաեւ բարեսիրական գործունէութեամբ, օգնելով 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներուն:
Հայաստանի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանճանեանի նամակը, ուղղուած Տիանա Աբգարին, 22 Յուլիս 1920ին.
«Արտաքին Գործերի Մինիստր
Երեւան, 22 Յուլիս 1920 Թ.
Յարգելի տիկին,
Ինձ լաւ յայտնի է, որ Ծայրագոյն Արեւելքում ոչ ոք չի գործել այնքան, ինչքան դուք, մեր նորածին հայրենիքի շահերը պաշտպանելու եւ մեր հայրենակիցների ծանր վիճակը թեթեւացնելու համար: Նոյնպէս ինձ յայտնի է, որ այդ հեռու վայրերում ոչ մի հայ չունի այնքան մեծ հեղինակութիւն տեղացիների եւ մեր հայրենակիցների մօտ ինչպէս դուք՝ ուստի ես ձեզ նշանակում եմ Հայաստանի հիւպատոս Ճապոնում եւ յուսով եմ, որ չէք մերժի ստանձնել այդ ծանր պաշտօնը յօգուտ մեր երիտասարդ հայրենիքի:
Սորա հետ միասին ուղարկւում է ձեզ համապատասխան հաւատարմագիր, վստահ եմ որ Ճապոնական կառավարութեան կողմից ոչ մէկ արգելքի չէք հանդիպիր ստանալու անհրաժեշտ Exequatur:
Ուղարկում ենք ձեզ արտաքին գործերի մինիստրութեան վերջին տեղեկագիրը, որից դուք կը ծանօթանաք Հայաստանի ներկայ վիճակի հետ: Կ՛օգտուենք ամէն մի դէպքից ձեզ միշտ տեղեկութիւններ տալու եւ խնդրում ենք մեզ նոյնպէս տեղեակ պահել Ծայրագոյն Արեւելքի կեանքին:
Ընդունեցէք սրտագին ողջոյններիս հաւաստիքը։
Մինիստր Նախագահ եւ Արտաքին Գործերի Մինիստր
ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՃԱՆԵԱՆ
Տիկին Դիանա Աղաբեկ Աբգարին, Եոգոհամա»
Ինչպէս իր նախնիները, Տիանա «Անահիտ» Աբգարը եւս եղած է Սփիւռքի երեխայ, թէ՛ իր նախահայրերը եւ թէ անոր ամուսնոյն նախահայրերը եղած են 1605ին, Արաքս գետի ափին բռնի տեղահանուած եւ պատմական Ջուղայէն բռնի տեղահանուածներու շրջանակէն:
1920ին ան արդէն հրատարակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, անպատժելիութեան ազդեցութիւնը համաշխարհային գործերուն եւ համաշխարհային խաղաղութեան նուիրած 9ը գիրքեր:
Տիանա Աբգար կը փորձէ հրաշքներ գործել, օգնելով աղքատ օտարներու դժուար վիճակներուն, յատկապէս երբ անոնց մէջ կանայք եւ երեխաներ կային:
Նոր կարգավիճակը կը ծանրացնէ Տիանա Աբգարի ճակատագիրը եւ իր պաշտօնը Ճափոնի կառավարական շրջանակներուն մէջ: Բացի դիւանագիտական պարտականութիւններէ, ան նպաստեց նաեւ հայ փախստականներու, որոնք հեռաւոր ափերուն, մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապահով ապաստան գտան: Ան 20 Դեկտեմբերի 1920ին նամակով մը դիմած եւ տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին հայկական տառապանքներուն մասին: Ան տեսնելով մեծ տէրութիւններու անպատախանատու գործերը, առիթով մը ան ըսած է. «Ես աւելի շատ կը վստահէի սատանային, քան եւրոպական ուժերուն»:
Տիանա Աբգար իր հիւպատոսական պաշտօնէն կը դադրի, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով:
Տիանա Աբգարի հաւատքին եւ հայ եկեղեցւոյ նուիրումը եղած է անսահման: 10 Փետրուար 1920ին, Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւորականներուն ուղղուած նամակին մէջ ան կըսէ. «Հայ եկեղեցիի նման եկեղեցի չկայ իր կենսական ոգիով եւ աղօթքի մխիթարութեամբ, ոչ ալ այն, ինչը կարենայ ունենալ հայկական պատարագի ուրախալի զգացումը: Ես չեմ գիտեր, արդեօք կու գա՞յ այն օրը, որ հնարաւորութիւնը կ՛ունենամ ըլլալ իմ եկեղեցւոյ շեմին եւ ըլլալ զանգուածի մասնակից, իմ ականջները լսեն ու սփոփուին այդ աղօթքներով»:
Տիանա Աբգարը 67 տարեկանին կ՛ունենայ զանազան ֆիզիքական դժուարութիւններ, վերջնական հարուածը կ՛ըլլայ 8 Յուլիս 1937ին, երբ Տիանա Աբգարը կը փակէ իր աչքերը
10 Յուլիս 1937ին, Եոքոհամայի միութեան եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հսկայական բազմութիւն մը՝ հրաժեշտ տալու իրենց համայնքի միակ գործիչին, որ 46 տարիներու ընթացքին ծառայած եւ ապրած է արժանապատւութեամբ: Թաղման արարողութեան ընթացքին Rev. Schenk կը խօսի Տիանա Աբգարի մասին՝ ըսելով. «Յիսուս Քրիստոսի լաւ զինուոր, պահապան, ուժեղ, խիզախ եւ հաւատարիմ իր համոզումներուն»։ Տիանա Աբգարը կը թաղուի Եոքոհամայի օտարերկրացիներու գերեզմաննոցը, ամուսնոյն կողքին: Անոր գերեզմանաքարը փորագրուած է պարզ բառերով եւ կը վայելէ անոր կեանքն ու հաւատքը՝ «Երկրի ստուերից դուրս, Երկնային հօր օրուան: Մենք սիրեցինք նրան, բայց Աստուած սիրում էր իր լաւագոյնը»:
Անոր դամբանին այժմ հոգ կը տանին Թոքիոյի հայ ճափոնական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը:
Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսը ըստ արժանւոյն գնահատելով Տիանա Աբգարի գործունէութիւնը՝ 1926ին անոր յատուկ կոնդակ կ՛ուղարկէ հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելուն եւ դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալուն համար:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ