Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայկական վարժարանները այն միջավայրը կը տրամադրեն, ուր մեր երիտասարդները ամէն օր կը հաւաքուին եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ կը ստանան բարձրորակ կրթութիւն: Այս հաստատութիւնները կը ծառայեն իբրեւ հիմնասիւներ, որոնք յաջորդական մեր սերունդներուն ազգային մեր ժառանգութեան տէր դառնալու, պատմութիւնը իմանալու, լեզուն տիրապետելու եւ Հայ Դատը հետապնդելու պայմաններ կը ստեղծեն: Մեր վարժարանները ըստ էութեան մեր պատմական հայրենիքէն հեռու հարազատ օճախներ են, որոնք նուիրական տարածքներ կը համարենք:
Մեր լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու յանձնառութեամբ տոգորուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներն էին, որ հիմնեցին այս վարժարանները իբրեւ ազգային մեր հաւաքականութեան գոյատեւման կռուաններ:
Այս մեկնակէտէն է, որ մենք Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու պատերուն մութ անձերու կողմէ թրքական դրօշակներ զետեղելու անարգ քայլը կը նկատենք մեր ամբողջ հաւաքականութեան դէմ կատարուած ատելավառ յանցագործութիւն:
5000 տարուան քաղաքակրթութեան մը ոչնչացման եւ տեղահանման պատասխանատու եւ իր ցեղասպան արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնել մերժող պետութեան մը դրօշի տեղադրումը մեր վարժարաններու պատերուն վրայ մենք կը նկատենք ցաւագին եւ խիստ վիրաւորական:
Այս արարքը կը ծառայէ իբրեւ յիշեցում, որ անպատիժ մնացած ոճիրը նոր ոճիրներու ճանապարհ կը բանայ: Վերջին 48 ժամերուն Աներիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Ազգային Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային առաջնորդարանի խնամակալ մարմինն ու տեղական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ պահանջեցին ոստիկանութենէն ու քաղաքական անձնաւորութիւններէն վճռականօրէն արձագանգելու այս ոճրային արարքին եւ ապահովելու մեր հաստատութիւններու ու սրբավայրերու անվտանգութիւնը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր ամբողջ կառոյցով ու շարքերով զօրավիգ կը կանգնի մեր վարժարաններուն, աշակերտութեան, ուսուցչական կազմերուն եւ ամբողջ համայնքին՝ եւ իր բոլոր կարելիութիւններով կը պայքարի ընդդէմ վատոգի եւ ատելավառ յարձակումներու՝ ապահովելու համար մեր համայնքային հաստատութեանց անվտանգութիւնը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ