Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արժանթինի հայ համայքի հաստատութիւններս (IARA) խոր մտահոգութեամբ լրատուական միջոցներէ իմացանք Սփիւռքի Նախարարութիւնը լուծարելու և անոր աշխատակիցները գործէ արձակելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշման մասին:
Մեր նպատակը չէ հարցականի տակ առնել կառավարութեան որոշումները, սակայն այն ինչ կը վերաբերի այս որոշումին բովանդակութեան ու առնուած ձևին, չի կրնար անտարբեր ձգել մեզ:
Անցնող տասը տարիներուն, իր ամէն պարագայի քննարկելի մարդկային բոլոր բացթողումներուն, Սփիւռքի Նախարարութիւնը եղաւ հայրենիքի և Սփիւռքի փոխ-յարաբերութիւնները համակարգող միակ պաշտօնական կառոյցը, որուն շնորհիւ իրականացուեցան արուեստի, կրթութեան, մտաւորական փոխանակումներու և բազմաթիւ այլ մշակութային ու ընկերային ոլորտներու պատկանող ծրագիրներ: Ի՛նչ ալ ըլլան Սփիւռքի Նախարարութեան գործունէութեանց հանդէպ արդարացուած կամ չարդարացուած քննադատութիւնները, իտէալականը ի պահանջեալ հարկին այդ գործունէութեանց վերատեսութիւնն ու բարեփոխումն էր, և ոչ թէ կտրուկ կասեցումը:
Մեզ կը մտահոգէ նաև որոշումին առնուած ձևը երկու իմաստով: Առաջին. Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարումին որոշումին չէ նախորդած այլընտրանքի մը մասին լուրջ քննարկում մը, ընդ որում հայրենիք-Սփիւռք կապերու համակարգումի այլ կառոյցի մը հեռանկարը կը մնայ բացարձակապէս անորոշ:
Երկրորդ. Կը կարծենք որ սխալ էր նման որոշումի իմը կայացման համար բոլորովին անտեսել Սփիւռքի համայնքները, չխորհրդակցիլ հոն գործող ու անոնց ներկայացնողուցիչ հաստատութիւններուն հետ: Եթէ անկեղծ էին Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ անոր ղեկավար դէմքերուն հրապարակային յայտարարութիւններն ու պատգամները Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու և հայրենադարձութեան աւելի եւս թափ տալու ուղղութեամբ, ապա և կը սպասէինք որ անոնք երևան գային նաև գործով ու Սփիւռքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ համապատասխան վերաբերումով:
Հրապարակային կերպով արտայայտելով մեր մտահոգութիւնը կառավարութեան այս որոշումին մասին, մենք միշտ յոյսով կը մնանք որ ի՛նչ ալ ըլլան հետագայ քայլերը, իշխանութիւնները կը մնան յանձնառու համահայկական տեսլականին և Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները կը դնեն ազգային-քաղաքական օրակարգին վրայ որպէս ուշադրութեան արժանի առանձին խնդիր և ոչ թէ պետական երկրորդական մակարդակի կառոյցներու պատասխանատւութիւն:
Արժանթինի Հայ Համայնք