Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի քաղաքացիները պիտի ուղղուին դէպի քուէատուփ՝ ընտրելու համար նոր խորհրդարան: Ասիկա առաջին համապետական ընտրութիւնը պիտի հանդիսանայ գարնան մեկնարկած ժողովրդային շարժումէն ետք, որ տապալեց նախկին վարչակարգը եւ ճանապարհ բացաւ Հայաստանի մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը, ուր ժողովուրդը տէր կը դառնայ իր սեփական ճակատագիրին:
Ժողովրդավարութեան սիւներէն մէկը արդար ընտրութիւններն են, երբ քաղաքացիները ազատ են իրենց խիղճի ձայնին անսալով քուէարկելու: Դժբախտաբար, անցեալ տասնամեակներուն յաջորդական կառավարութիւնները, պահպանելու համար իրենց փտած վարչակարգը, իրենց լծակները գործի դնելով՝ ճնշած ու զրկած են քաղաքացիները ազատ ընտրելու իրաւունքէն:
9 Դեկտեմբերի ընտրութիւնները 2015ին հաստատուած եւ խորհրդարանական կառավարման համակարգը նուիրականացնող նոր սահմանադրութեան քննութիւնը պիտի ըլլան: Մինչ 2017ի Ապրիլի ընտրութիւնները պէտք է ազդարարէին նոր ժամանակներու սկիզբը, նախկին վարչակարգը նենգ գործողութիւններով խափանեց քաղաքացիներու՝ ըստ իրենց նախասիրութեանց քուէարկելու ազատութիւնը: Այս ընտրութիւնները անջնջելի հետեւանք պիտի ունենան հայ ժողվոուրդին եւ Հայաստանի համար:
Առաւել քան 128 տարիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պայքարած է յանուն ընկերային արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ կամքի ազատ արտայայտութեան: Այս սկզբունքներէն մեկնելով է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ղեկավարած է ազգային ազատագրական պայքարը, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը, որուն հիմնադրութեան դարադարձը նշուեցաւ հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին:
Վերոնշեալ սկզբունքներուն եւ զանոնք աշխարհի տարածքին յառաջ տանելու դարէ մը աւելի փորձառութեանց վրայ հիմնուելով է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ կը մասնակցի 9 Դեկտեմբերի ընտրութիւններուն: Կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուները հրապարակային կերպով յայտարարած են, որ անցեալի դասերու լոյսին տակ կը շարժին յառաջ՝ ստեղծելու համար այն ապագան, երբ Հայաստանի ժողովուրդը ոչ միայն իր ճակատագիրը պիտի կրնայ ինքնուրոյն որոշել, այլ նաեւ բարգաւաճ եւ արդար համակարգով օժտուած՝ հայրենիքի մէջ ապրելու իր իրաւունքը երաշխաւորուած պիտի տեսնէ:
Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւեն ճգնաժամային եւ գոյութենական մարտահրաւէրներ: Արցախի ճակատի խախուտ խաղաղութիւնը ատրպէյճանական ռազմական մնայուն սպառնալիքին տակ կը գտնուի: Հայաստանի վրայ այլ պետութիւններու շրջանային մրցակցութեանց բերումով բանեցուած ճնշումները կը պարտադրեն մեր երկրին՝ վերարժեւորելու իր ներքին եւ արտաքին առաջնահերթութիւնները:
Այս մարտահրաւէրները պէտք չէ խանգարեն, այլ ընդհակառակը՝ պէտք է խրախուսեն հայ քուէարկողը իր ազատ կամքը արտայայտելու Հայաստանի մէջ ժողովորդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը ամրապնդելու համար:
ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կառոյցը կը հաւատայ, որ ՀՅԴի ծրագիրը եւ տեսլականը մեր հայրենիքը պիտի առաջնորդեն դէպի աւելի պայծառ ապագայ: Ապագայ մը, երբ հայ ժողովուրդի արդար ձգտումները պիտի իրականանան, երբ բոլոր քաղաքացիներուն մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանուած պիտի ըլլան, երբ տնտեսական եւ ընկերային արդարութիւնը պիտի իշխէ, եւ երբ Արցախը պիտի ըլլայ ուժեղ եւ բարգաւաճ:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏ