Սպիտակ տան հրատարակած՝ գլխաւորաբար իսլամ բնակչութիւն ունեցող եօթը երկիրներու քաղաքացիներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող նախագահի հրամանագիրը անհամապատասխան նկատելով երկրի հիմնական օրէնքներուն ու հալածեալներ պատսպարելու ամերիկեան հարուստ ու պատուաբեր աւանդութեան՝ մեր ձայնը կը միացնենք զայն ետ վերցնելու ժողովրդական կոչերուն:
Սոսկ գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւններուն վրայ հիմնուած այս հրամանագիրը արդէն իսկ ծանր վիճակ ստեղծած է քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակով հազարաւոր մարդոց համար, որոնց շարքին նաեւ՝ սուրիահայ հայրենակիցներու, որոնց պաշտպանելու եւ իրաւաբանական աջակցութիւն ցոյց տալու պատրաստակամութիւն կը յայտնենք։
Իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի զաւակներ, մենք գիտակից ենք մահուան ու հալածանքի ճիրաններէն ճողոպրածներու ծանր հոգեվիճակին, գիտակից ենք անոնց մարդկային տուայտանքին եւ կը հաւատանք, որ գաղթականներու քրտինքով ու ստեղծագործ աշխատանքով հզօրութեան հասած Միացեալ Նահանգներու յայտարարած համամարդկային արժէքներուն անհա՛շտ է փրկութիւն խնդրողներու կռնակ դարձնելը: