կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-04-30 17:37
Հասարակություն

ՀՅԴ Արեւմտյան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտեն նպատակ ունի վերականգնել Արցախում ավերված շենքերը

ՀՅԴ Արեւմտյան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտեն նպատակ ունի վերականգնել Արցախում ավերված շենքերը

ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտեն հայտարարություն է տարածել, որով իր աջակցությունն է հայտնել ապրիլյան մարտական գործողությունների ընթացքում տուժած Արցախի բնակավայրերին:

«Արցախի հերոսական ժողովուրդը իր երիտասարդներուն թափած թանկագին արեան գնով կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Իր նահատակ զաւակը հողին յանձնող մայրը, արտայայտելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին զգացումները՝ մեզ յստակօրէն կը պատգամէ, որ «մենք թանկագին կեանքեր կորսնցուցինք՝ մեր հողը պաշտպանելու համար: Մէկ թիզ հող իսկ պիտի չյանձնենք թշնամիին»: Ատրպէյճանական ուժերուն Արցախի վրայ վայրագ յարձակումները՝ Ապրիլ 2-ին, ո՛չ միայն ապակայուն վիճակ ստեղծած են տարածաշրջանէն ներս, այլեւ ամբողջական պատերազմի մը բռնկումը հաւանական դարձուցած են՝ վտանգելով Արցախի եւ իր ժողովուրդի գոյութիւնը: Արցախի Պաշտպանական բանակը կանգնեցուց այս յարձակումները եւ ուժեղ հարուածով ետ շպրտեց թշնամի ուժերը, սակայն աւերուեցան Թալիշն ու Մատաղիսը, եւ ծանր վնասներ հասցուեցան Մարտակերտին: Այս սադրիչ յարձակումները քաղաքացիական ու զինուորական բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձան:

Մենք կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան բանակին, իրենց մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման այս վերջին դրսեւորման դէմ կանգնելու ճիգին մէջ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, անսալով Արցախի մեր եղբայրներու կոչին՝ վճռած է կարեւոր դեր ստանձնել, շուտով վերականգնելու համար քանդուած շէնքերը, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին, եւ որպէսզի Ատրպէյճանին համար յստակ դառնայ, թէ իր զինուորական ուժով ու սպառնալիքով չի՛ կրնար կոտրել հայ ժողովուրդին կամքը՝ ո՛չ Արցախի մէջ, ո՛չ Սփիւռքով մէկ: Կեդրոնական Կոմիտէս կոչ կ՛ուղղէ շրջանիս հայութեան միանալու Հայ Մշակութային Միութեան «Արցախի Հետ» եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մեր Զինուորներուն Հետ» զոյգ նախաձեռնութիւններուն, ապահովելու համար Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ ամրացնելու համար Արցախի անկախ պետականութիւնը: Արցախի Ազգային Ազատագրական Պայքարը սկիզբ առաւ 1988ին, եւ արցախցին կենաց-մահու պատերազմ մղելու պարտադրուեցաւ 1990ի առաջին տարիներուն: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը՝ իր շարքերով, համակիրներով եւ ուղեկից կառոյցներով, մի՛շտ կանգնեցաւ Արցախի կողքին եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դրաւ, անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Ժամանա՛կն է, որ վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու հայրենի մեր արիասիրտ եղբայրներուն ու քոյրերուն»,-ասված է հայտարարության մեջ: