կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-01 16:50
Առանց Կատեգորիա

Պարոն վարչապետի պաշտոնակատար, թողեք աշխատենք

Պարոն վարչապետի պաշտոնակատար, թողեք աշխատենք

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՏԱՐ
ՊԱՐՈՆ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆՅԱՆԻՆ

Նոյեմբերի 24-ի Երթի Առիթով

Մեծյարգոյ Պարոն Փաշինյան,

Իմ այս գրութիւնը կրնայ ձեզ ժամանակավրէպ թուիլ կեանքի մերօրեայ արագ թափը նկատի առած։ Բայց որպէս աշխատող մարդու, հազիւ կրցայ առիթ գտնել այս մասին գրելու։

Նոյեմբերի 24-ին կազմակերպեցիք ձեր հերթական երթը ու շրջեցիք Երեւանի տարբեր համայնքնեը։

Անկեղծ ըսած, ես չհասկցայ ինչի՞ համար էր երթը, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր, որուն` ի՞նչ պատգամ պարտէր փոխանցել։ Եթէ իշխանութեան` ապա իշխանությունը դուք էք։ Եթէ բողոք էր` ապա որո՞ւ դէմ։ Իսկ դուք ձեր դէմ բողոքելու կամ ձեր սխալներուն անդրադառնալու համար երթ կազմակերպելու կարիքը չունէիք։

Բայց ըսեմ ձեզի, թէ ձեր երթը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ.- պարբերաբար փակուեցան ճանապարհներ, Երեւանի արդէն իսկ խցանուած փողոցները աւելի եւս խցանուեցան, մարդիկ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ քիչ մը աւելի՛ երկար պարտաւորուեցան սպասել իրենց աշխատանքներուն, գործերուն հասնելու կամ գործերէն տուն հասնելու համար։ Մարդիկ պարտաւորուեցան աւելի երկար սպասել կանգառներուն մէջ, մէկ-մէկ անձրեւին տակ, որովհետեւ մեր առանց այդ էլ չշարժուող «մարշրութնի»ները աւելի եւս ուշացան իրենց սպասողներուն։

Մի քանի օր առաջ նոյնօրինակ նեղացուցիչ կացութիւն ստեղծեցիք երբ այցելեցիք այն շէնքը որտեղ կ’աշխատիմ։ Թէեւ դուք պիտի հասնէիք ժամը 15.00-ին, սակայն ձեր անվտանգութիւնը պահանջած էր կանգառը առաւօտէն դատարկ պահել ու աւելի քան հարիւր ինքնաշարժ պարտէին փողոցի վրայ կանգնիլ։ Ոչ միայն այդ, մէկ ալ ոստիկանները ժամանեցին ու շէնքէն դուրս, ճամբեզրին կանգնած ինքնաշարժերը սկսան հեռացնել… ու պէտք էր վազվզել աջ ու ձախ, ինքնաշարժերը կանգնեցնելու նոր տեղ փնտռելլ... Չհասկցայ, թէ ինչի՞ համար էր այդ բոլորը։ Չէ՞ որ դուք էք յայտարարողը, որ պէտք չէ վախնալ սեփական ժողովուրդէն, ձեր տեւաբար հպարտ անուանած ՀՀ քաղաքացիներէն։

Բայց արդիւնքը եղաւ այն, որ կրկին մարդիկ իրենց աշխատանքներէն կտրուեցան, իրենց աշխատանքային կշռոյթը խանգարուեցաւ, թաղամասին մէջ անտեղի խցանում, աշխատող մարդկանց համար` ժամավաճառութիւն…

Այս եւ այլ երեւոյթներու հետ կապուած իմ մեկնաբանութիւնները ունիմ սակայն զերծ կը մնամ անոնցմէ։ Սակայն ձեզի կը դիմեմ, որ թողէք մեզ աշխատենք առանց անհարկի խանգարող հանգամանքներու, թողէք մեզ ժամանակին հասնենք մեր աշխատանքներուն, թողէք մեզ ժամանակին հասնինք մեր տները, ու տասնեակներով այլ խնդիրներուն վրայ դուք, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար, յաւելեալ խնդիրներ մի ստեղծէք մեզ համար, ձեր սահմանումով, աշխատող 350 հազար քաղաքացիին համար, ձեր դիմագրաւած տարբեր խնդիրներուն իսկական լուծում գտնելու փոխարեն` ամբոխավարական քայելու դիմելով։

Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն։

 

ՀՀ քաղաքացի

Ժիրայր Պէօճէքեան