Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեքշաբթի օր քուէարկեցինք: Այս տարի յատկապէս ելեկտրականացած մթնոլորտ կար երկրի տարածքին, եւ յայտնի էր, որ աննախընթաց պիտի ըլլար ընտրողներու թիւը:
Եւ եղաւ:
Լարուած ու սուր ընտրապայքարը, նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ղեկավարելու ոճը, կիներու, փոքրամասնութիւններու եւ ներգաղթողներու վերաբերեալ անոր վիրաւորական դիրքորոշումներն ու կրքոտ ելոյթները ուժեղ հակազդեցութիւն ստեղծեցին ու շարժեցին այդ խմբաւորումներու քուէարկողներու մեծ զանգուած մը: Շարժեցին նաեւ գրեթէ կուրօրէն նախագահ Թրամփին հետեւողներու բանակը:
Մեր քուէի հասցէն որոշելուն մէջ իր բաժինը ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը, զոր վայելողները, ընդհանրապէս երկու կուսակցութիւններէն ընտրուած, անկախ իրենց կուսակցական պատկանելիութենէն՝ արժանացան կարեւոր թիւով հայերու նեցուկին: Այսպիսի լարուած ու սուր դեմոկրատ-հանրապետական միջկուսակցական մրցակցութեան պարագային, հայկական հարցերու առաջնահերթութիւնը կրնայ տժգունիլ, դժբախտաբար: Տեղական հարցերը, տնտեսական շահերը եւ բազում այլ զգացական գործօններ աւելի ծանր կը կշռեն քուէի ուղղութիւնը ճշդելուն մէջ: Այսուհանդերձ, Հայ Դատի յանձնախումբի հարցը կը մնայ ամերիկահայ քուէարկողներուն յիշեցնել, որ թեկնածուները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն հայութեան հանդէպ իրենց ցուցաբերած կեցուածքներուն համար: Ընտրութիւններէն ետք, մենք՝ քուէարկողներս պարտաւոր ենք մեր քուէն ստացած քաղաքական պաշտօնեաներէն պահանջելու, որ զգայուն ըլլան մեր հարցերուն հանդէպ:
Քուէարկութեանց արդիւնքները արդէն մեծ մասամբ յայտնի են: Սակայն ընտրապայքարի սրութեան հետեւանքները պիտի զգանք յետագայ ամիսներուն: Քաղաքական բարձրագոյն ամպիոններէն անուղղակի, սակայն երբեմն նոյնիսկ ուղղակի քարոզչութեամբ ցեղային խտրականութեան, օտարատեացութեան խրախուսումը արիւնալի դրսեւորումներ ունեցան եւ տակաւին կրնան ունենալ: Քաղաքացիական մեր պատասխանատուութիւնն է զգօն մնալ, մերժել ատելութեան հրահրումը եւ թոյլ չտալ, որ գրգռութիւններու զոհ դառնանք:
Քուէարկելը, քաղաքացիական իրաւունքի կիրարկումը անտարբերութեան ու կրաւորականութեան մերժումն են, գաղափարակիցներու, նոյն արժէքներուն հաւատացողներու միասնական ճիգի, միասնական պայքարի պարգեւած բերկրանքն են, հաճոյքն են, որոնցմէ պէտք չէ զրկենք մենք մեզ: