կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-11-27 13:16
Հասարակություն

Ռուբեն Տեր Մինասյան` նշանավոր հեղափոխականն ու պետական գործիչը

Ռուբեն Տեր Մինասյան` նշանավոր հեղափոխականն ու պետական գործիչը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Հայ ազատամարտի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ռուբէնը` Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշան: Հերոսութիւններով ու բազմաչարչար մաքառումներով լեցուն է այս հայորդիին կեանքը: Ռուբէն այն անհատներէն էր, որուն համար հայրենիքի ազատութիւնը եւ բարօրութիւնը գերագոյն նպատակ էր: Ան հայ յեղափոխական այն սերունդէն էր, որ մաքառեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատութեան համար եւ մասնակից դարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման:

Ռուբէն ծնած է 1882 թուականին, Ախալքալաք: Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած` «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ: Պատանի տարիքէն Ռուբէնը կ՛երազէր «Հայաստան» երթալ: Ան կրցած էր հասկնալ, թէ բուն Հայաստանը ռուսական սահմանին միւս կողմն է, այսինքն` Տաճկահայաստանը:

Քսան տարեկանին կը մտնէ ռուսական բանակին մէջ` պահեստի սպայի աստիճանով: Ապա կ՛անցնի Մոսկուա` որպէս «Լազարեան» ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացքի ուսանող: Մոսկուա եղած ժամանակ կը մասնակցի յեղափոխական ուսանողներու խմբական գործունէութեան եւ կ՛անդամագրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:

Ռուբէն ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ առաջին իսկ օրէն կրցաւ աչքառու դէմք դառնալ իր կուսակցական պատասխանատուութիւններու իրագործման մէջ:

1903-ին Մոսկուայէն կ՛անցնի Թիֆլիս` Երկիր անցնելու որոշումով: Այդ օրերուն հայ յեղափոխականները երկու հնոցներ ունէին, Սասուն եւ Պաթում, Ռուբէն կը նախընտրէ Սասունը: Իր առաջին գործունէութեան փորձառական դաշտը եղաւ Կարսը` Արամի շունչի տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կենդրոնական դէմքն էր, Ռուբէն ազդուեցաւ անոր յեղափոխական գաղափարներէն:

1905-ին աւելի փորձուած ու յեղափոխութեան հնոցին մէջ դարբնուած` Ռուբէնը կը մեկնի Վան, ուր Իշխանի հետ կը զբաղի Լեռնապարի շրջանի կազմակերպութեամբ: Արամը կ՛անցնի Վան, իսկ Ռուբէնը Վարդան Շահպազի մօտ` լեռները, այնտեղ սորվելու ֆետայական կեանք:

Ռուբէնի յեղափոխական կեանքը կամաւոր նահատակութիւն էր, ան կը գործէր սուրբ գաղափարի համար, նախընտրեց անցնիլ Սասուն ու Տարօն եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր հարազատ ժողովուրդի պայքարին: Տարօնի մէջ ան կ՛ըլլայ յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար: Գէորգ Չաւուշի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերու գլուխը` կը վերակազմէ ֆետայական շարժումը, կը մասնակցի բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն է Սուլուխի կռիւը, ուր կը նահատակուի Սասնոյ արծիւ Գէորգ Չաւուշը:

1907-ի մայիս 27-ին, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն իրենց զինուորներով, գաղտնի գործով հաւաքուած էին Սուլուխ: Երկու ժամ անց գիւղը կը շրջապատեն թուրքերը: Սուլուխի կռիւը սկսած է նոյն օրը եւ տեւած` մինչեւ մայիս 28-ի առաւօտ:

1908-ին կը հռչակուի օսմանեան սահմանադրութիւնը եւ կը դադրի յեղափոխական գործունէութիւնը: Սակայն, Ռուբէն համոզուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան պէտք չէ վստահիլ եւ պէտք է զբաղիլ կուսակցական- կազմակերպական գործունէութեամբ:

1909-ին Ռուբէն կ՛անցնի Վառնա եւ կը մասնակցի ՀՅ Դաշնակցութեան 7-րդ Ընդհանուր ժողովին: Ան իր ուսումը շարունակելու համար կը մեկնի Ժընեւ` քիմիաբանութիւն ուսանելու համար եւ կը մնայ մինչեւ 1913: Նոյն թուականին կուսակցութեան հրահանգով անաւարտ ձգելով ուսումը` կը վերադառնայ Տարօն եւ կ՛անցնի կազմակերպական աշխատանքի: Ռուբէն ընդհանուր պատասխանատուն էր Դուրան-բարձրաւանդակի եւ Տարօն աշխարհի Հ Յ Դաշնակցութեան:

1914-ին կը պայթի Առաջին Աշխարհամարտը, որուն կը յաջորդէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տարօնի ժողովուրդը զոհ չդառնալու համար, Ռուբէնի գլխաւորութեամբ, կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան: Սոյն հերոսամարտը կը տեւէ եօթը ամիս, որմէ ետք Ռուբէն կ՛անցնի Կովկաս:

1917-ին տեղի կ՛ունենայ Ռուսաստանի յեղափոխութիւնը: Կը կազմուի Անդրկովկասի կառավարման համար Սէյմը: Ռուբէն եւս կը մասնակցի Սէյմի աշխատանքներուն եւ կ՛անդամակցի Հայոց ազգային խորհուրդին:

1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէն կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Հայաստանի Հանրապետութեան օրով ան կ՛ըլլայ զօր. Արարատեանի օգնական, իսկ 1920-ի մայիսին` Բիւրօ-կառավարութեան զինուորական նախարար:

Ռուբէն Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն եղաւ ներքին գործոց եւ ապա զինուորական նախարար. ան ո՛չ միայն հիմը դրաւ հայկական պետական բանակին ու կազմակերպեց զայն, այլեւ մասնաւորաբար մեծ եւ անչափելի եղաւ անոր դերը թէ՛ Հայաստանի ներքին կայունացումին եւ թէ՛ մեր հայրենիքի հայացման դժուար գործին մէջ:

1920-ին Ռուբէն Լեւոն Քալանթարեանին հետ կը մեկնի Բաշ Գեառնի, այնտեղ գտնուող հայդուկներուն զգաստութեան բերելու, որպէսզի չենթարկուին պոլշեւիկեան լուծին: Հոնկէ կ՛անցնի Սիւնիք ու կը ստանձնէ նախագահութիւնը ինքնավար Սիւնիքի կառավարութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Ռուբէն կ՛անցնի Իրան, ապա` Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:

Երեսուն տարի յաջորդաբար Ռուբէն եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ: Ռուբէն, միջազգային դիւանագիտական ընկալման առումով, կատարեալ մասնագէտ էր նաեւ միջինարեւելեան շրջանի քաղաքական հարցերուն:

Վտարանդի կեանք վարելով սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու մէջ` Ռուբէն միշտ հաւատարիմ կը մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ամբողջ կեանքը կը նուիրէ ազատագրական ու յեղափոխական գործերուն: Ան 1948-ին վերադառնալով Ֆրանսա` կը մահանայ 1951 նոյեմբեր 27-ին:

Ռուբէնի կեանքն ու գործունէութիւնը եթէ լուսարձակի տակ առնելու ըլլանք, անվարանօրէն զինք կ՛որակենք ռազմական ու կուսակցական գործիչ, ե՛ւ քաղաքագէտ, ե՛ւ պետականակերտ անձնաւորութիւն: Ռազմական գործիչի առումով, ան անցած է շարքային ֆետայիէն մինչեւ ռազմական նախարարի ճանապարհը: Կուսակցական գործիչի առումով, եղած է գաւառական կուսակցական պատասխանատուութենէ մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Եթէ Ռուբէնը ընդունինք որպէս պետականակերտ անձնաւորութիւն, ապա այս առումով, յատկապէս պէտք է արժեւորել անոր դերը Հայաստանի մէջ 1917-1920 թուականներուն թուրք-թաթարական խռովութիւններու ճնշման եւ հայ գաղթականներու վերաբնակեցման գործին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք` հնարաւոր եղաւ ստեղծել ազգային տեսանկիւնէ համեմատաբար միատարր պետութիւն: Ռուբէնը եղած է տաղանդաւոր քաղաքագէտ. ան ազգային գաղափարախօսութեան, երկրառազմավարութեան մեծ տեսաբան էր:

Սփիւռքի մէջ Ռուբէն Տէր Մինասեան կուսակցական-կազմակերպական գործին զուգահեռ, տասնամեակներ շարունակ սիրով եւ նուիրումով գրած է իր յուշերը` «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», պատմութիւնը այն փառաւոր սերունդին, որ` «… մէկ անգամ միայն ծնաւ մեր կեանքին մէջ եւ երկրորդ անգամ այլեւս աշխարհ չտեսաւ»: Իր յուշերուն մէջ Ռուբէն մեզի կը ներկայանայ տաղանդաւոր գրողի յատուկ դիտելու կարողութեամբ ու գրական ճաշակով, խոր վերլուծութիւններ ընելու բացառիկ կարողութեամբ, պատմելու անկաշկանդ ոճով եւ հարուստ լեզուով: Իրաւամբ պէտք է ըսել, որ Ռուբէնի «Յիշատակներուն մէջ» յարութիւն կ՛առնեն ֆետայական շարժման ողջ դիւցազներգութիւնը, հերոսութեան եւ մարտնչումի փառաւոր պատմութիւնը: Իր յուշերուն մէջ Ռուբէնը լաւագոյն վերլուծութեան կ՛ենթարկէ հայ ժողովուրդի հոգեբանական գիծերը: Ռուբէնի յուշերը նաեւ կարելի է համարել ինքնաքննադատութեան փորձ:

Ռուբէնի յուշերը` «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակարանը» 7 հատորով, մեր ազատագրական պայքարի պատմագրութեան եւ յեղափոխական գրականութեան մէջ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ` թէ՛ որպէս փաստացի վկայութիւն` դէպքերու ու դէմքերու եւ թէ՛ որպէս յեղափոխական մտքերու հաւաքածոյ:

Եթէ սկսինք Ռուբէնի «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ» եօթը հատոր մատենաշարին ակնարկութիւն մը ընել, ապա անհրաժեշտ է ըսել, որ ան առաջին հատորով կը ներկայացնէ ԿԱՐՍԻ ՀՆՈՑԻՆ ՄԷՋ (1904) ժամանակահատուածը: Իր բովանդակութեամբ, իրականութեամբ, պարզ ու հրապուրիչ լեզուով գրուած այս յիշատակները ազգային-յեղափոխական փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ ներշնչման ու տեղեկութիւններու աղբիւր են հայ պատանիին, երիտասարդին եւ մտաւորականին համար: Երկրորդով կը ներկայացնէ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կատարուած յեղափոխական գործունէութիւնը, գլխաւորաբար` Վանի, Լեռնապարի եւ Տարօնի շրջաններուն մէջ: Այս հատորին մէջ եւս պարզ ու հրապուրիչ լեզուով ներկայացուած է ազգային-յեղափոխական գործունէութեան յիշատակները:

Երրորդով կը ներկայացնէ հեղինակին իր իսկ բառերով` «19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ մինչեւ 1906-ի յուլիս ամսուան Տարօնի յեղափոխական անցեալը»: Վեցերորդը յեղափոխական գործունէութեան ժամանակագրական շարունակութիւնն է հինգերորդ հատորին եւ կը ներկայացնէ 1909 ժամանակաշրջանը` ԿԱՐՍԷՆ ՊՈԼԻՍ:

Եօթներորդը կազմուած է երեք մասերէ, որոնք իրարմէ անջատ են եւ շատ տարբեր: Առաջինը` արտասահմանի մէջ, 1909-ին: Երկրորդը` սասունցի խմբապետ Մուշեղին կատարած պատումը` 1913-1919 տարիներու փոթորիկին մասին: Իսկ երրորդը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, մասնաւորապէս` նոյեմբեր 1919 ապրիլ 1920 շրջանը:

Առանձին ուշադրութեան արժանի են քեմալական Թուրքիոյ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Ռուբէնի աշխատութիւնները:

Այսպէս, իւրայատուկ փորձ է «Հայ-թրքական կնճիռը» աշխատութիւնը:

Աշխատութեան սկիզբը Ռուբէն կ՛անդրադառնայ թուրք մտաւորականութեան յայտնած այն կարծիքին, թէ հայերը եւ թուրքերը սկիզբը իրարու հետ հաշտ են: Թուրքերը կը մեղադրեն, որ հետագային հայերը ըմբոստացած են, որուն համար ալ կոտորուած են (նաեւ` թուրքերը): Թուրքերուն միւս մեղադրանքը այն է, որ իբր թէ` «հայկական յեղափոխութիւնը բնական հետեւանք չէ տաճիկ կառավարութեան եւ իսլամութեան հալածանքներու ու բռնութիւններու, ոչ ալ հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան արդիւնք է, այլ ան արհեստականօրէն մտած է հայ ժողովուրդի մէջ արտաքին գրգռման շնորհիւ, գլխաւորապէս ցարական Ռուսիոյ եւ յատկապէս ռուսական եւ պարսկական հայերու միջոցով»:

Որպէս պատասխան թուրք ղեկավարներու այն մեղադրանքին, որ իբր թէ հայերը պատճառ դարձած են Թուրքիոյ ներքին գործերուն Ռուսաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան եւ այդպիսով քայքայած են օսմանեան պետութիւնը, Ռուբէնը մասնաւորապէս կը նշէ. «… հայկական շարժումներու նպատակը այն չէր, որ Կիպրոսը անգլիացիին տրուի, երկաթուղիները` ռուսին, մենաշնորհները` օտարին, որոնք այդ բոլորը պիտի ստանային, պիտի չօգտագործէին կամ պիտի օգտագործէին յօգուտ իրենց շահերուն: Այլ շարժումներու նպատակն էր, որ ինքը` հայ ժողովուրդը, իր բուն հայրենիքի մէջ մարդկային իրաւունքներու տիրանայ, որ Արեւելքը քունէն արթննայ, որ արեւելքցիները եւ ոչ թէ օտարները ստանան եւ վայելեն իրենց հայրենիքի բարիքները»:

Այս առումով, Ռուբէն այն եզրակացութեան կը յանգի, որ ժողովուրդներու բնաջնջումով կարելի չէ ուժեղ եւ ազատ Թուրքիա ստեղծել: Կարելի չէ Հայաստանի խորտակման գնով Թուրքիան քայքայող ու մասնատող Ռուսաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութիւններու պատճառները վերացնել: Միջամտութեան համար Հայաստան չըլլայ, սակայն միշտ ալ կ՛ըլլան եւ կը գտնուին յայտնի ու անյայտ շատ միջոցներ, քանի դեռ չէ գտնուած այն արդար հիմունքը, որուն «վրայ պիտի կառուցուի բոլոր արեւելքցիներուն համար ստեղծուած Արեւելքի ազատագրութեան հրաշակերտ շէնքը»: Աշխատութեան մէջ Ռուբէն կը բերէ իր կարծիքով Թուրքիոյ անդամահատութեան, բարոյական եւ տնտեսական անկման ու կազմալուծման իսկական հիմնական պատճառները.

1.- Տիրող ազգի գերիշխանութիւնը,

2.- Համաիսլամութիւնը (փանիսլամիզմ)` իբրեւ պետութեան հիմք,

3.- Համաօսմանցիութիւն (փանօսմանիզմ),

4.- Համաթուրանականութիւն (փանթուրանիզմ):

Վերջապէս, անդրադառնալով հայ-թուրք յարաբերութիւններու ապագային, Ռուբէնը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն կը համարէ դասեր քաղել անցեալի սխալներէ եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել: Որպէսզի հնարաւոր դառնայ հայերու եւ թուրքերու համատեղ ու հաշտ գոյութիւնը, ըստ Ռուբէնի, թուրքերը պէտք է հրաժարին «տիրող ժողովուրդ» ըլլալու սկզբունքէն, պետութեան յառաջադիմութիւնը կասեցնող համաիսլամական գաղափարներէ, պետութիւնը պառակտող համաօսմանցիութեան գաղափարներէ, պետութիւնը արկածախնդրութեան զոհ դարձնող համաթուրանական գաղափարներէ, ինչպէս նաեւ` Քեմալի որդեգրած փանթուրքական գաղափարներէն:
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ «Հայրենիք» ամսագրի մէջ հրապարակուած Ռուբէնի «Նորագոյն Թուրքիան եւ իր ձեւափոխումները» յօդուածը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ քեմալական բարեփոխումներուն: Յօդուածագիրը նախ կը փորձէ ներկայացնել Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ կատարուած փոփոխութիւններուն հիմնական նպատակները.

ա.- Թուրքիոյ մէջ վերացնել ապազգային իսլամ օթթոման հասկացողութիւնը եւ զայն փոխարինել թուրք ազգային ոգիով,

բ.- Վերացնել օսմանեան առաձգական, անշօշափելի հայրենիքի գաղափարը եւ զայն փոխարինել թուրք ազգային հայրենիքի գաղափարով,

գ.- Անատոլը դարձնել Թուրքիա, իսկ թուրքը դարձնել արդիական ազգ` յառաջդիմած կեանքի բոլոր ճիւղերու մէջ, ընդունական ինքնուրոյն ապրելու` առանց զգալու ուրիշներու օգնութեան կարիքը,

դ.- Թուրք ազգը հզօրացնել թիւով, որակով, ուժով` իր գոյութիւնը անկախ պահելու եւ զգալի դարձնելու աշխարհին»:
Յօդուածին մէջ Ռուբէն կ՛արձանագրէ այն փաստը, որ քեմալական կամ փանթուրանական ղեկավարներուն մեծ մասը թրքական ծագում չունի. աւելի՛ն, անոնց հայրերը կամ մեծ հայրերը «նոյնիսկ ծանօթ չեն թուրք լեզուին եւ գաղափարին»: Հեղինակը կը հետեւցնէ, որ երբ այս ծագումով մարդիկ են թրքութեան գաղափարը յառաջ մղողները, այստեղ` «կարելի չէ որոնել ցեղային արեան ձայնի արձագանգը, այլ ուրիշ բան մը»:

Ըստ Ռուբէնի, քեմալական Թուրքիոյ «թուրք» ազգային մտածելակերպը հեռու է զուտ ազգային, ցեղային, ինքնամփոփ գաղափար ըլլալէ: Ռուբէն կը գրէ. «Ըստ էութեան, քեմալական «թուրք» հասկացողութիւնը նոյնքան հաւաքական, ընդհանուր անուն է, որքան` սուլթան Համիտի «իսլամ» կամ Միդհատ փաշայի «օթթոման», «օսմանցի» գաղափարաբանութիւնը, միայն այն տարբերութեամբ, որ սուլթան Համիտը երեսը դարձուցած էր դէպի Մեքքէ, Քեմալն ալ երեսը դարձուցած է դէպի Թաւրիզ, Սամարղանտ»:

Կարելի է ըսել, որ այսպիսով Ռուբէն ցոյց կու տայ հետեւեալը. Քեմալի բարեփոխումները աւելի շուտ փանթուրքիզմի ուժեղացումին նպատակաուղղուած էին, եւ ոչ թէ` Թուրքիան եւրոպականացնելուն, ինչպէս կը նշեն թուրքերը:

Ն.