Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ aztagdaily
Արդէն անցած է մէկ շաբաթ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» ծրագիրի աշխատանքներուն սկսման` Հայաստանի Կոտայքի մարզի Չարենցաւան եւ Արցախի Մարտունի շրջաններուն մէջ: Առաջին օրէն իսկ մեծ թիւով պատանիներ արձանագրուած են ԶՈՄ-ի կազմակերպած ճամբարներուն: Առաջին օրը ներկայ գտնուած են մօտ 300 պատանիներ, իսկ հիմա արդէն թիւը կը հասնի աւելի քան 400 պատանիներու: Խանդավառութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, յատուկ եւ եզակի դրոշմ մը կը ձգէ պատանիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ մասնակից ԶՈՄ-ական ընկերներուն վրայ: Ճամբարներու ծրագիրի բովանդակութիւնը իր զանազանութեամբ տարբեր զգացական հոգեվիճակի մը մէջ կը դնէ բոլոր մասնակից պատանիները: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ տարբեր բնոյթի դաստիարակչական, ազգային եւ մարդկային դասախօսութիւններ, որոնց ընդմէջէն Դաշնակցութեան գիրկը գտնուող պատանիները կը հասկնան տիպար մարդ եւ ապա տիպար հայ ըլլալու կարեւորութիւնը, անոնք ազգային եւ յեղափոխական դրուագներու ընդմէջէն կը սորվին նուիրուիլ ազգային գործին, կեդրոնանալ հաւաքական շահին վրայ եւ մէկ կողմ դնել անձնականը, անոնք կը հասկնան կարեւորութիւնը խմբային աշխատանքին, ինչպէս նաեւ լաւապէս կ՛ըմբռնեն մարդկային իրաւունքներու կարեւորութիւնը եւ առիթը կ՛ունենան գիտնալու իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները: ԶՈՄ-ական ընկերները պատանիներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Մերուժան Մոսիեանի դամբարանը: Մերուժան Մոսիեան ծնած է Մարտունի` 1965 թուականին, 1992 թուականին ան կը նշանակուի Մարտունիի գումարտակի հրամանատար, ան 23 հոկտեմբեր 1993-ին Մհեր Ջուլհաճեանի, Արտակ Մնացականեանի եւ Լեւոն Համբարձումեանի հետ կը նահատակուի ականի մը պայթումով: Մոսիեան 1991-ին ընտրուած էր ՀՅԴ-ի Մարտունիի շրջանի կոմիտէի անդամ, իսկ 1992-ին` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Այցելութեան ընթացքին, ԶՈՄ-ականներն ու պատանիները լսեցին անոր կենսագրութիւնը, որուն ընդմէջէն ծանօթացան դաշնակցական զինուորի անձնուիրութեան ու հայրենիքին հանդէպ սիրոյն: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ զանազան տեսակի մտային եւ խմբային խաղեր` նկատի ունենալով, որ բոլոր մասնակիցները պատանիներ են եւ հաւատալով խաղերու կարեւորութեան` պատանիներու անհատականութեան կազմութեան աշխատանքին մէջ: Առ այդ` գործուղման նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին յատուկ ժամանակ կը տրամադրուի պատրաստելու այնպիսի խաղեր, որոնք պիտի զարգացնեն պատանիին քննական միտքը, որ իր կարգին պիտի օժանդակէ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու աշխատանքին: ԶՈՄ-ի նախաձեռնած ճամբարները ունին երկարաժամկէտ նպատակներ եւ չեն սահմանափակուիր երկշաբաթեայ հաւաքներով: Պէտք է ճիշդ ձեւով ցանել հունտը, որպէսզի հետագային բերքը լաւ ըլլայ, առ այդ` պատանիներու հետ աշխատանքը կը նկատուի կարեւոր, որովհետեւ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելով, պատրաստած պիտի ըլլանք տիպար պետութիւն, ինչպէս նաեւ` հզօր, անկախ եւ մեր գաղափարական սիւներուն վրայ հիմնուած պետականութիւն: