կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-10 16:08
Քաղաքական

ՀՅԴ ԶՈՄ-ը և ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ը համագործակցության շրջանակներ են ճշտել

ՀՅԴ ԶՈՄ-ը և ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ը համագործակցության շրջանակներ են ճշտել

8 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Տխրունի ուսանողական- երիտասարդական միութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երկրորդ հանդիպումը:

Հանդիպման սկիզբը միութիւններու ներկայացուցիչները գնահատեցին այն դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած էր լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ` իբրեւ արդիւնք առաջին հանդիպումին: Միութիւններու այս երկրորդ հանդիպումը յատկանշուեցաւ իր հարազատութեամբ եւ մտերմիկ մթնոլորտով:

Մասնակիցները խօսեցան համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Անոնք լուսարձակի տակ առին հիմնականին մէջ երկու նիւթեր: Այս փուլին երկու միութիւնները միասնաբար պիտի աշխատին իրագործել երկու գլխաւոր աշխատանքներ: Արծարծուեցաւ 19-րդ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ազատագրական պայքարը, Հայաստանի անկախացումը, խորհրդայնացումը, վերանկախացումը, գաղութներու կազմաւորումը, Արցախի ազատագրումը եւ հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ Հայ դատը հայկական վարժարաններու մէջ աւելի մեծ լուսարձակի տակ դնելու անհրաժեշտութիւնը, որուն հիմամբ որոշուեցաւ հարթակի մը ստեղծման նախագիծը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ մասնագէտներէ եւ մանկավարժներէ` բարեփոխութեան նախաձեռնութիւններ յառաջացնելու վերոնշեալ ծիրին մէջ: Երկրորդ աշխատանքը պիտի ըլլայ պատրաստութիւնը հրատարակութեան մը, որ պիտի ընդգրկէ զոյգ միութիւններու երիտասարդութեան գրիչով յօդուածներ:

Աւելի քան երկու ժամուան ընթացքին, մասնակիցները առիթը ունեցան քննարկելու վերոյիշեալ զոյգ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ խօսելու, պատմական գետնի վրայ, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի տարած աշխատանքներուն մասին: Այս նիւթերուն կողքին, անոնք նաեւ անդրադարձան լիբանանահայ երիտասարդը յուզող տարբեր հարցերու, երկրին տնտեսական-քաղաքական վիճակին եւ այս առումներով ՏՈԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի աշխատանքներուն: Հանդիպման ընթացքին յատուկ տեղ գտաւ ընկերվարութեան մասին զրոյցը, որուն ընթացքին ընդգծուեցան այն մարտահրաւէրները, որոնք կը խոչընդոտեն ընկերվար գաղափարախօսութեան մակընթացութիւնը քաղաքական աշխարհին մէջ:

Հանդիպումին աւարտին որոշուեցան յառաջիկայ հանդիպումի թուականն ու մինչ այդ կատարուելիք աշխատանքները: Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութիւնն ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս հանդիպումի աւարտին եկան այն եզրակացութեան, թէ երկու միութիւնները կը հաւատան, որ հերթական այս հանդիպումները, անոնց ընդմէջէն բխած առաջարկները եւ ըստ անոնց նախաձեռնուած աշխատանքները պիտի օժանդակեն գաղութի ուժեղացման նպաստող եւ լիբանանահայ երիտասարդութեան համերաշխութիւնը երաշխաւորող աշխատանքին:

aztagdaily.com