կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-05-10 12:06
Հասարակություն

Արամ Ա-ն ընդունել է Լիբանանում հայ խաղաղապահներին և խաչեր ու աղոթագրքեր նվիրել նրանց

Արամ Ա-ն ընդունել է Լիբանանում հայ խաղաղապահներին և խաչեր ու աղոթագրքեր նվիրել նրանց

Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch

Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, այսօր՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ Վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանի։

Հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ջոկատի անդամներուն առաքելութեան` նշելով, որ անոնք մասնակցած են տարբեր զօրավարժութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտպանողական գործողութիւններու։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հայոց բանակի քաջ զինուորները, որոնք հպարտութիւն կ՚առթեն հայրենիքին ու համայն հայութեան եւ կը հանդիսանան հայրենիքի հզօրութեան ու յաւերժութեան երաշխիքը։ Ան հաստատեց, որ բանակը հայրենիքին առանցքն է, հզօրութեան աղբիւրը, անսասանութեան երաշխիքը: Այսօր Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, ունին բազում կարիքներ. հայոց բանակը կոչուած է զօրեղ ու կենսունակ պահել հայրենիքը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս ուրախութիւն յայտնեց եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայութիւնը ունի հզօր բանակ, որ որակ է քանակ ըլլալէ առաջ, եւ հայկական բանակին որակը անպայման արդիական սպառազինութիւն, մասնագիտական զէնքեր ունենալով չի բնորոշուիր, այլ ծառայութեան ոգիով, նուիրումով, հաւատքով, վճռականութեամբ եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց Վարդանանց ճակատամարտը, ուր փիղերու ներկայութիւնը վտանգ կը հանդիսանար եւ սարսափ կ՚ազդէր` դիտել տալով, որ այսօր չկան փիղեր, սակայն կայ սպառնալիքը, կայ դաւադիր թշնամին, որուն դէմ մղուած պայքարը եւ հայրենիքը անկէ պաշտպանելը սրբազան առաքելութիւն է ու կոչում։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Հայաստանն ու հայութիւնը միշտ ենթակայ եղած են տարբեր տեսակի պատերազմներու, սակայն միշտ ալ հայոց բանակը իր արեան գնով պաշտպանած է հայրենիքն ու անոր անկախութիւնը։ Այսօր եւս նման կացութեան դիմաց կը գտնուի մեր ժողովուրդը, այս պայքարին մէջ իւրաքանչիւր հայ զինուոր է, իսկ հայկական բանակի իւրաքանչիւր անդամ` յառաջապահ։

Անդրադառնալով հայ զինուորներուն` Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու հանգամանքին, Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս գծով, որովհետեւ հայութիւնը խաղաղութիւն սիրող եւ խաղաղութեան հաստատման մասնակից դարձող ազգ է, բացի երբ փորձ կատարուած է խլելու իր իրաւունքները։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքը աւարտելէ ետք զինուորները Հայաստան կը վերադառնան վերանորոգ կամքով ու կորովով։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հայկական ջոկատին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրութեան 25 ամեակին։ Ան շեշտեց, թէ Շուշին ազատագրութեան խորհրդանիշ է, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին ու հայրենիքին համար իր արիւնը թափելու յանձնառութեան։

Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց կարելին կատարեն մասնակցելու հայոց բանակին առաւել հզօրացման աշխատանքին, եզրակացնելով՝ թէ հզօր բանակ կը նշանակէ հզօր հայրենիք, հզօր հայրենիք կը նշանակէ հզօր Սփիւռք։

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին` ընդունելութեան, քաջալերական ու գօտեպնդիչ խօսքերուն համար։ Ան վստահեցուց, որ քաջարի զինուորները ո՛ւր ալ գտնուին նոյն ոգիով ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` հաստատելով, որ Վեհափառ Հայրապետին պատգամն ու օրհնութիւնը տարբեր խորհուրդ ու կարեւորութիւն պիտի ունենայ անոնց համար։

Աւարտին վեհափառ հայրապետը խաչեր ու աղօթագիրքեր նուիրեց իւրաքանչիւր զինուորի։