Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը մաղթէին կառավարութեան կազմութիւնը տեսնել նախագահական ընտրութենէն անմիջապէս ետք, «սակայն պէտք է ըսել, որ տակաւին կը գտնուինք կառավարութեան կազմութեան տրամաբանական ժամկէտի ծիրին մէջ: Վարչապետի նշանակումին արդէն իսկ մէկ ամիս անցած է, եւ պէտք է որեւէ ատեն սպասել կառավարութեան ծնունդի յայտարարութիւնը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կազմելու առումով հանրապետութեան նախագահին մօտ մթնոլորտը դրական է, աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ քաղաքական որոշ կողմեր իրենց կեցուածքներէն անշեղ մնան, կառավարութիւնը ամէն պարագայի պիտի կազմուի:
«Կը յիշեմ օրինակ կառավարութիւն մը կազմուեցաւ 24 դեկտեմբերին եւ անիկա լիբանանցիներուն համար նուէր մըն էր: Ամէն պարագայի համոզուած եմ, որ հիմնական հարցը նախարարութիւնները բաժնուելու մէջ չի կայանար: Համոզուած ենք, որ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի Ազգային ուխտին հիման վրայ, եւ ոչ շահերու: Իսկ ազգային միասնականութեան կամ ազգային համախոհութեան կառավարութիւնը պէտք է կազմուի հիմնուելով ազգային համոզումի վրայ եւ ոչ թէ կողմի շահերու, որովհետեւ ի վերջոյ նախարարութիւնը քաղաքական պաշտօն մըն է, ուր իւրաքանչիւր նախարար պէտք է ծառայէ ժողովուրդին, որ ըստ սահմանադրութեան իրաւունքներ ունի: Օրինակ` եթէ մենք անպայման կը պահանջենք հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը, եւ պատահեցաւ, որ այդ նախարարութիւնը քաղաքական այլ ուժի մը յանձնուեցաւ, ուրեմն չե՞նք ծառայեր ժողովուրդին: Աւելի՛ն. ինչո՞ւ ես լիբանանցիներուն որոշ մէկ տոկոսին պիտի ծառայեմ եւ ոչ թէ հայրենիքին», հարց տուաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այս մօտեցումը ազգային շահերու մասին մտածելու մօտեցում չէ, այլ` անձնական, կուսակցական եւ քաղաքական հզօրացման: «Շատ հաւանաբար մինչեւ ամավերջ, իսկ ամէնէն ուշը մինչեւ հայկական Ս. Ծնունդ կառավարութիւնը կազմուած կ՛ըլլայ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով լիբանանահայութեան պահանջին մասին հարցումի մը` երեսփոխանը յայտնեց, որ իրենք ոչինչ պահանջած են, սակայն պէտք չէ այդ կեցուածքը սխալ մեկնաբանել, որովհետեւ դժբախտաբար այս օրերուն կայ քաղաքական այն տրամադրութիւնը, որ խոչընդոտող կողմը իր պահանջները եւ յաւելեալ իրաւունքներ կը ստանայ:
«Անցեալ կառավարութեան կազմութեան իմաստով մեր ներդրումը յատկանշական էր: Երեսփոխան Միշել Մըրի բնակարանին մէջ սարքուած ընթրիքի մը ընթացքին մենք ներկայացուցինք երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ կառավարութեան մէջ հերթափոխութիւնը ընդունելու գաղափարը, որմէ շաբաթ մը ետք կարելի եղաւ 8 ամսուան ջանքերը յաջողութեամբ պսակել: Օրին, համաձայն գտնուեցանք ստանձնելու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը` իմանալով հանդերձ, որ անիկա բարդ եւ դժուար նախարարութիւն մըն է, այն իմաստով, որ անոր ծրագիրները գործադրելու արգելքները շատ են, եւ մնայուն կերպով քննադատութեան ու ցեխարձակումի թիրախ դարձող նախարարութիւն մըն է: Սակայն նախարար Արթիւր Նազարեան առաւելագոյն հեզասահութեամբ կրցաւ աշխատիլ: Իսկ եթէ որեւէ հարց լուծելու պարագային մեր օժանդակութեան կարիք կայ, մենք պատրաստ ենք, եւ մեր իրաւունքն է ստանձնել ժողովուրդին ծառայութեան նախարարութիւն մը` բոլորին ծառայելու սկզբունքով եւ ո՛չ միայն լիբանանահայութեան: Մենք, իբրեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ եւ լիբանանահայութիւն, ունենալով հանդերձ մեր դաշնակիցները, լաւ գիտենք նախարարութեան մէջ անաչառ աշխատանք տանիլ` ծառայելով բոլորին: Չկայ հայ նախարար մը, որ բոլորին չէ ծառայած: Թո՛ղ մեզի յանձնեն որեւէ նախարարութիւն եւ տեսնեն մեր անկողմնակալութիւնը, բոլորին մատուցուած ծառայութիւնը եւ յատկապէս օրէնքի պարտադրութիւնը` բոլորին», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի հայ նախարարը արժանաւորապէս կրնայ ստանձնել հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը:
Ան շեշտեց, որ նախորդ կառավարութեան կազմութեան պարագային եւս խոստումներ տրուեցան, որ նախարարութիւնները համայնքային դրութեամբ եւ յարանուանութիւններու պատկանելիութեամբ պիտի չճշդուին: «Խորքին մէջ սահմանադրութեան մէջ նման բան չէ արձանագրուած: Նախարարութիւններուն համայնքային եւ յարանուանական դիմագիծ ճշդելով կարելի չէ հայրենիք կերտել: Այս փուլին, երբ զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է, իշխանութեան յոյս բերած է: Այս առումով յատկանշական աշխատանք կը տանի նաեւ արտաքին գործոց նախարարը` լիբանանեան զանազան գաղութները երկրին մօտեցնելու իմաստով: Յոյսերը մեծ են հայրենիքը կերտելու եւ հզօրացնելու», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է կազմել Ազգային ուխտին եւ գործակցութեան հիման վրայ` նկատի ունենալով ազգային գերագոյն շահերը:
«Մեզի համար խորթ էին նաեւ այն յայտարարութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ բոլոր երազները իրականացան, որովհետեւ երկրին մէջ կան այնպիսի հարցեր, որոնց անմիջական լուծումը անկարելի է: Տեղատարափ անձրեւներու եւ հեղեղներու պարագային ժողովուրդը նախագահը պիտի մեղադրէ, երկու կամ երեք ամիս ետք շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն չունենալու պարագային ժողովուրդը հանրապետութեան նախագահը պիտի մեղադրէ: Այս ձեւով հարցերը չեն լուծեր, պէտք է համբերել` միաժամանակ հետեւողական ըլլալ տասնեակ տարիներէ ի վեր բոյն դրած խնդիրներուն արմատական լուծում ապահովելու առումով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխանը հաստատեց, որ 24 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մէջ ՀՅԴ-ն կը պահանջէ հայ առաքելական նախարար մը, որ պիտի ըլլայ կուսակցութեան ներկայացուցիչը, իսկ երկրորդ մը, որ ըլլայ հայ կաթողիկէ նախարար մը` ներկայացնելով փոքրամասնութիւնները:
Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն չի փափաքիր քաղաքական մենատիրութիւն կատարել, որովհետեւ նուազագոյնը այս փուլին կան նաեւ ուրիշներ, որոնք իրաւունք ունին ներկայացուելու:
«Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը պիտի չխոչընդոտենք, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ առնուած բոլոր քայլերուն համաձայն ենք: Կառավարութիւնը պէտք է կազմել առանց հարցերու, որպէսզի մոխիրին տակ կրակ մնացած չըլլայ եւ կարելի ըլլայ պատրաստուիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
«Գլխաւոր Հարցը Ընտրական Օրէնքն Է»
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ գլխաւոր հարցը կառավարութեան կազմութիւնը չէ, այլ` ընտրական օրէնքը: «Չեմ փափաքիր յոռետես ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ փորձառութեան վրայ հիմնուելով` ընտրական օրէնքի ենթայանձնախումբերու նիստերուն անկարելի է ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, որովհետեւ իւրաքանչիւրը քաղաքական իր դիրքն ու պաշտօնը բարելաւելու սկզբունքէն մեկնելով է, որ կը մտածէ եւ ըստ այնմ կ՛ուզէ ճշդել ընտրաշրջանները», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ընտրական օրէնքի շրջագիծին մէջ երեսփոխանը ըսաւ. «Կա՛մ այն է, որ կը վաւերացնենք համամասնական դրութիւնը, եւ իւրաքանչիւրը իր արդար չափով կը ներկայացուի խորհրդարանին մէջ, եւ այսպիսով երկրին համար նուաճում մը իրագործած կ՛ըլլանք, եւ կա՛մ կը պահենք նոյն ընտրական օրէնքը` իւրաքանչիւր ընտրութիւններու ընտրական դաշինք ունենալով, եւ այս ձեւով հայրենիք անկարելի է կերտել»:
Ան շեշտեց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը 1960-ի ընտրական օրէնքը չէ, այլ` կեղծ կրկնօրինակ մը: «Եթէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւն պիտի կատարուի, ապա պէտք է ընտրաշրջաններուն բաժանումը կատարուի այդ օրէնքին հիման վրայ: Այսինքն` Պէյրութի ընտրաշրջաններուն բաժանումը կատարել 1960-ի օրէնքին հիման վրայ, այլ խօսքով` Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Սայֆի եւ Մըտաուար շրջանները ընդգրկել մէկ ընտրաշրջանի մէջ, որպէսզի քրիստոնեայ ներկայացուցիչները խորհրդարանին մէջ ներկայացուին քրիստոնեաներուն քուէով: Այլապէս խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քրիստոնեայ երեսփոխանները կարելի չէ քրիստոնեաներու ներկայացուցիչներ նկատել, այլ` քրիստոնեաներուն հաշուոյն գործուած դերասանութիւն: Տոհայի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը նահանջ է», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ձգտի Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերադարձնել, այսինքն` հայկական կուսակցութիւններուն ու հեղինակութիւններուն որոշումով կ՛առաջադրուին հայ երեսփոխանական թեկնածուները: «Այս սկզբունքին լոյսին տակ մեզի հետ ո՛վ որ կը համաձայնի` Զահլէէն Մեթն եւ հասնելով Պէյրութ 1 եւ Պէյրութ 2, ապա մենք անոնց դաշնակիցները կը նկատուինք: Իսկ ոեւէ քաղաքական ուժ կամ հոսանք, որ ինքնիրեն իրաւունք կու տայ հայ երեսփոխանական թեկնածուները ճշդելու, ապա մենք չենք կրնար զայն դաշնակից նկատել` որեւէ ընտրաշրջանի պարագային: Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումը բոլորին շահերուն կը ծառայէ, եւ եթէ մենք կը խօսինք քրիստոնեայ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին, ապա նկատի ունինք նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը: Մենք բառին բուն իմաստով ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կ՛ակնարկենք», հաստատեց ան:
Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ՀՅԴ-ի դաշինքը քաղաքական է եւ հաստատ: «Մենք այդ դաշինքին մէջ հանգիստ ենք. եթէ իրենք անհանգիստ են, թող արտայայտուին, որպէսզի մենք այլ դաշնակիցներ ունենանք: Մեթնի պարագային` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ երեսփոխան Միշել Մըրի միջեւ ընտրական դաշինքը հաստատ է: Մենք չենք դաւաճաներ. Մըր մեր յիսնամեայ դաշնակիցն է եւ բարեկամը, եւ այդպէս ալ կը մնայ: Մենք ոչ մէկ քաղաքական ուժ ջնջելու կողմնակից ենք, այլ կ՛ենթադրենք քաղաքական բոլոր կողմերուն ներկայացուցչութիւնը` ընտրութիւններուն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն պատրաստ է ընդարձակ դաշինքներու մաս կազմելու, ըլլայ ան Մեթնի, Զահլէի թէ Պէյրութի մէջ, պայմանով որ սկզբունքը յարգուի: «Մենք ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի հետ կը համաձայնինք եւ միացեալ ընտրացանկեր կը կազմենք, ինչպէս էր պարագան Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, սակայն անկարելի է ընդունիլ, որ օրինակի համար Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշէ ՀՅԴ-ի թեկնածուն, կամ Ղովմի կուսակցութիւնը որոշէ ՌԱԿ-ի թեկնածուն: Հայկական երեսփոխանական պլոքին վերականգնումը հիմնական դերակատարութիւն կրնայ ունենալ երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման իմաստով եւ իր արդարադատութեամբ ան զօրավիգ կը դառնայ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հզօրացման», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս փուլին համար յարմարագոյնն է կառավարութիւն մը կազմել եւ անցնիլ երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու: Ան աւելցուց նաեւ, որ իր համոզումով նախագահ Աուն «կատարուած իրողութեան կառավարութիւն» չ՛ուզեր կազմել, եւ նման կառավարութիւն մը վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար վնասակար է: