Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի մէջ Յունիս 20ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն սեմին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Հայաստան» Դաշինքին։
Հայութիւնը, Արցախն ու Հայաստանը կանգնած են պատմական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։ Կորստեան մատնուած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքի 75 տոկոսը, վտանգուած են Հայաստանի հանրապետութեան սահմանները, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
Հայաստանի ի սպառ վերացումն ու համաթրքական ծրագիրները տակաւին օրակարգի վրայ ունեցող Անգարան ու Պաքուն օրէ օր կը պարտադրեն նոր օրակարգեր։ Իսկ Հայաստանի իշխանութիւններն ու Նիկոլ Փաշինեանը կը շարունակեն «թաւշեայ» խաբեբայութիւնները՝ իրականացնելու դուրսէն թելադրուած իրենց անձնատուական ծրագիրը:
Մենք կը մերժենք կեղծիքի, անձնատուութեան, հոգևոր արժէքները խաթարող, սահմաններ ու տարածքներ զիջող, Հայ Դատի պայքարն ու պահնաջատիրութիւնը նահանջի մատնող «իմ քայլական» իշխանութեան վերարտադրութիւնը։
Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայի քաոսային վիճակէն կրնանք դուրս բերել միասնական ջանքերով՝ «Հայաստան» Դաշինքի առաջնորդութեամբ։ Համոզուած ենք, որ կը ստեղծենք ապահով ու բարօր երկիր, հզօր բանակ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն։
Առ այդ, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն սեմին՝ կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, տակաւին չկողմնորոշուած քաղաքացիներուն, որպէսզի քուէարկեն ՝Ռոպերթ Քոչարեան – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն -«Վերածնուող Հայաստան» դաշինքի օգտին։
Կոչ կ’ուղղենք ընտրել կայուն, զարգացող, արդար ու անվտանգ պետութեան ճանապարհը։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ