կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-09 21:15
Սփյուռք

Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի

Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի

2021-ի Ապրիլ ամիսը թեւակոխած ենք արդէն ու համայն հայութեան հետ միատեղ կը պատրաստուինք նշելու՝ հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը։ Մեր ազգի հաւաքական-պատմական յիշողութեան, բայց նաեւ վերածնունդի ու պահանջատիրութեան կարեւոր թուականը։

Հայութեան համար անհանգստացնող ու վտանգաւոր պայմաններու մէջ պիտի նշենք Ապրիլը այս տարի, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու անոր հետեւանքներու ծանր մթնոլորտին մէջ եւ յամեցող բարդ իրավիճակներու առջեւ, որ այսօր, աւելի քան երբեք, հրամայական պահանջ կը դարձնեն հայ ժողովուրդի պայքարին աշխուժացումը։ Նո՛յն մեր քաջարի ժողովուրդին, որ ամենայն վճռակամութեամբ դէմ յանդիման պէտք է կանգնի բոլոր մարտահրաւէրներուն առջեւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ։

24 Ապրիլին ընդառաջ՝ ականատես դարձանք Հայաստանի իշխանութիւններու ապակողմնորոշող յայտարարութիւններուն, երբ հանդէս եկան հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ «ճշգրտումներ կատարելու» մտադրութեան բացայայտումով, անոնց տալով բոլորովին սխալ ուղղութիւններ եւ արկածախնդրութիւններու նոր ու վտանգաւոր ճանապարհ բանալով հայութեան առջեւ։

Կարելի՞ է չփոթորկիլ, լսելով ապաշրջափակման թրքահաճոյ լոզունգները որ հրապարակ կը նետուին, այն պահուն, երբ Թուրքիա բացայայտօրէն կը շարունակէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան հանդէպ, երբ կը յոխորտայ իր դերակատարութեամբ Արցախեան վերջին պատերազմին մէջ, ուր Թուրքիոյ վարչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական օժանդակութիւնը Պաքուի կողքին էր, երբ թուրք-ազերիական յարձակողապաշտ սպառնալիքները շարունակական են, կրկնուող հայատեայցութեամբ ու ցեղապաշտական զտումներու քաղաքականութեամբ։

Արդեօք կարելի՞ է երբեք նժարի վրայ դնել իրաւունքը, ազգային մեր արժանապատուութիւնը եւ պատմութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, մեր շարքային ու երիտասարդականի ընկերներով, մեր ուղեկից միութիւններով ու գաղութային կազմակերպական ամբողջական ներուժով, յանձնառու կը մնանք մեր ազգային պայքարներուն առջեւ, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի իշխող վարչակարգին կողմէ միտումնաւոր արարքները, որ թրքական շահերու սպասարկման կը ծառայեն։

Պահանջատէր հայութեան համար փոթորկալից վերիվայրումներով յատկանշուած են երկար տարիներու ջանքերը, որոնց շնորհիւ հայութիւնը յարգանք ու ակնածանք կը վայելէ օտար քաղաքական շրջանակներուն մօտ, հպարտութեան ազնիւ զգացումներով։ Մենք բոլորս լաւապէս կը գիտակցինք, թէ պայքարներու խստապահանջ ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը կրնայ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ, միայն եթէ հաւատարիմ մնայ մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ եւ բարձր պահէ ու պահպանէ իր ազգային արժանապատուութիւնը։ Եւ այդ պատճառով է, որ կը շեշտենք, թէ ամբողջովին մերժելի է Հ.Հ. գործող իշխանութեանց որեւէ փորձ կամ մտադրութիւն, որ կրնայ վտանգի տալ առնել կամ բացասական արդիւնքներ բերել հայութեան իրաւունքներու վերականգման ուղղուած Հայ դատի պահանջատիրական երկարամեայ պայքարներուն։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Ապրիլ 9 2021