կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-16 00:12
Քաղաքական

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը խախտելու եւ ռազմական ներթափանցումի փորձ կատարելու ատրպէյճանական բանակի յարձակապաշտ գործողութիւնները եւ այդ ծիրէն ներս հայկական բնակավայրերն ու խաղաղ բնակչութիւնը ատրպէյճանական հրետանիին թիրախ դարձնելու արարքները։

Պաքուի իշխանութիւններուն ռազմատենչ արձագանգներուն անքակտելիօրէն կապուած է հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որուն փաստերը կը հանդիսանան Մարաղայի ջարդն ու 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Թալիշի մէջ խաղաղ բնակիչներու սպանդը, իսկ Պաքուի յարձակողաղաշտ քաղաքականութեան անուրանալի զօրակիցը կը հանդիսանայ Անգարան, որ անցնող օրերուն դարձեալ հիմնաւորեց իրր այդ կեցուածքը։

Ի տե՛ս այս կացութեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն զօրաշարժի ենթարկած է Հայ Դատի յանձնախումբերը, կոմիտէները, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ կապ հաստատած է Գանատայի պետական տարբեր գերատեսչութեանց հետ եւ զանոնք իրազեկ պահած կատարուող իրադարձութիւններուն մասին։

Մեր խորին վշտակցութիւնները կը յայտնենք մեր նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը, այս հանգրուանին վճռականօրէն կանգնած է Հայոց յաղթական բանակին, զինուորներուն եւ սպայակազմին կողքին՝ հայրենիքի պաշտպանութեան Սրբազան գործին ի խնդիր:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը, Հայ ժողովուրդին սպառնացող ատրպէյճանական կամ որեւէ այլ թշնամական բռնարարքներուն ու ոտնձգութիւններուն դիմաց՝ միակամ պատրաստ է սատար ու վահան հանդիսանալու հայրենիքին։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ