Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի անունով կը ցաւակցինք Լիբանանի մէջ պատահած աղէտին հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր վիրաւորներուն:
Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանին եւ հոն ապրող մեր գաղութին, որոնց կրկնակի փորձանքները Կիպրահայութեան կրկին կը դնեն, բարոյական պարտաւորութիւններու առջեւ, աջակցելու Լիբանանահայութեան:
ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէն երէկ հրաւիրեց յատուկ նիստ որուն մասնակցեցան մեր յարակից միութիւններու` ՀՕՄի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ներկայացուցիչները, որոնց հետ միասին ուղղակիօրէն կապուեցանք Լիբանան, ուր կը գործեն մեր քաղաքական, կրթական, մարդասիրական եւ մարզական կազմակերպութիւնները:
Լիբանանի կառոյցները վերականգնելու եւ մեր հայրենակիցներուն օգնելու նպատակաւ, կոչ կ’ուղղենք ձեզ որ Կիպրոսի հետեւեալ հաշիւներուն կատարէք ձեր նուիրատուութիւնները:
Armenian Relief Society Cyprus Sosse Chapter Hellenic Bank Account Number: 105-01-055174-01 - IBAN: CY71005001050001050105517401 ինչպէս նաեւ
Armeniko Kentro Neoleas - Bank of Cyprus Account No: 357010810170 -
IBAN: CY18002001950000357010810170
Շուտով մեզ պիտի հասնին յաւելեալ տեղեկութիւններ մասնաւոր ծրագիրներու կապակցութեամբ եւ հաւաքուած դրամը նպատակադրելու համար:
Նաեւ, Լիբանանի Օգնութեան Խաչէն կը սպասենք ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի պահանջներու ցանկ, որու տեղեկութիւններու հիման վրայ պիտի դիմենք առ որ անկ է:
Լիբանանի օգնութեան այս ծրագիրները պիտի ըլլան շարունակական եւ կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքին որ դրական կերպով ու սիրով մասնակցին ու արձագանգեն մեր կոչին:
ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէ