կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-29 15:02
Քաղաքական

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Երկուշաբթի, 28 Մարտ 2022-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը՝ ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ։

Առաջին առիթով հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ շղթայազերծուած հակահայ ծրագիրներուն՝ նոր տարածքներ բռնագրաւելու եւ Արցախը հայաթափելու կազմակերպուած ներխուժումներուն ու սադրանքներուն։

Ժողովականները շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է համազգային ուժերու ամբողջական լարումով դիմակայել թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական այս նոր ու վտանգաւոր մոլուցքը եւ միջազգային բեմերէ քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առանցքը դարձնել հակահայ այս նոր ծրագիրը։

Ապա, ժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրը։ Որոշուեցաւ կազմակերպել պահանջատիրական երթ, ինչպէս նաեւ երիտասարդական-ուսանողական հսկում-հաւաք, Լիբանանի մէջ գործող բոլոր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու եւ միաւորներու մասնակցութեամբ։

Ժողովը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն եւ 15 Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգին։

aztagdaily.com