կարևոր
6622 դիտում, 8 ամիս առաջ - 2024-02-01 20:43
Աշխարհ

Ազգային Երեք Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւն

Ազգային Երեք Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւն

Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024ի երեկոյեան, ՌԱԿի Ալթատինայի գրասենեակին մէջ, ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները ունեցան շուրջ երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան արցախահայութեան տարագիր իրավիճակը եւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցեր: Իւրաքանչիւր կուսակցութեան պատուիրակութիւն կը գլխաւորուէր իր ատենապետով կամ ներկայացուցիչով, ՍԴՀԿէն՝ Վազգէն Խոտանեան, ՀՅԴէն՝ Աւետիս Քէշիշեան, ՌԱԿէն՝ Թամար Փոլատեան Փերոն:

Արցախի դիմագրաւած յետ-44օրեայ պատերազմի եւ անոր յաջորդած Սեպտեմբեր 2023ի հայաթափման արդած իրավիճակը, ու զանոնք դիմագրաւելու քաղաքական, ընկերային, ու մարդասիրական աշխատանքներու հրամայականութիւնը քննարկուեցաւ եւ անգամ մը եւս շեշտադրուեցաւ համադրուած ուժերով արցախահայութեան ազգային իրաւունքներու վերատիրացումին սատարելը: Շեշտը դրուեցաւ մեր ազգային դատը առանց ընկրկումի հետապնդելու, ինչպէս նաեւ մեր պետականութիւնն ու անկախութիւնը առաւելագոյն ուժերու լարումով եւ նպատակասլաց աշխատանքով շարունակելուն վրայ։ Ցեղասպան Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր Ատրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր: Պարտինք արցախահայութեան ի նպաստ մեր անմիջական զօրակցութիւնը յայտնել՝ ճգնաժամը բարձրացնելով տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատուած աւանդութեամբ ու միացեալ ճիգերով նոր թափ տալ գաղութային կառոյցներու (AGC, UACLA), կազմակերպելու 2024 թուականի ապրիլեան ոգեկոչումները: Կը նախատեսուին նաեւ երեք կուսակցութեանց համատեղ ճիգերով ազգային այլ օրակարգեր տանիլ առաջ:

Հայ ազգն ու հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ են: Բոլորի՛ս ճիտին պարտքն է միասնական շարքերով ծառայել հայրենիքին ու հայութեան: Արդ, մեր կոչն է բոլորիդ համախմբուիլ մեր ազգային ու միութենական կառոյցներուն շուրջ, գերադասել ազգայինն ու մեր իրաւունքները, եւ բերել ձեր մասնակցութիւնը ազգի անվտանգութեան եւ բարօրութեան օգտին:

ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ