Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար սէյիտ Մեհտի Ֆարշատանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները 21 դեկտեմբերին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի ղեկավար Գէորգ Պապոյեանի ընկերակցութեամբ:
Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ պատմութիւնը Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ տեղադրուած երեք խաչքարերու, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ազրպէյճանի տարածքին հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներուն ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:
Իրանէն եկած պատուիրակութեան անդամները, որոնց կարգին էին նաեւ Իրանի խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորներ Արա Շահվերդեանն եւ Ռոպերթ Բեկլարեանը, ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Անոնք նաեւ շրջագայեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն:
aztagdaily.com