կարևոր
4843 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-12-31 14:10
Աշխարհ Հասարակություն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի մաղ­թան­քը

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի մաղ­թան­քը

2024-ի Ա­մա­նո­րի շե­մին գտնո­ւե­լով՝ ա­հա հրա­ժեշտ կու­տանք դա­ժան ու ծանր 2023-ին, որ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սրտին ու հո­գիին վրայ որ­պէս ծանր քար նստաւ՝ Ար­ցա­խի յանձ­նու­մով, որ­դե­կո­րոյս ըն­տա­նիք­նե­րու խոր տա­ռա­պան­քով, Ար­ցա­խի հայ բնակ­չու­թեան բռնի տե­ղա­հա­նու­մով, ­Պա­քուի բան­տե­րուն մէջ գե­րի պա­հո­ւող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու զրկանք­նե­րով։

Դժ­բախ­տա­բար, տօ­նա­կան չեն մեր խօս­քե­րը այս պա­հուն, երբ մեր ազգն ու հայ­րե­նի­քը ծանր փոր­ձի են­թար­կո­ւած են, եւ մեր ազ­գին հա­մար նոր ու ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րու առ­ջեւ կը գտնո­ւինք, որ մեզ կը պար­տա­ւո­րեց­նեն ըլ­լալ զգօն ու պատ­նէ­շի վրայ։ Թշ­նա­միի շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը, որ ան­գամ մը եւս ցե­ղաս­պա­նու­թեան կ’են­թար­կէ մեր ժո­ղո­վուր­դը, մնա­յուն վտանգ է մեր հայ­րե­նի­քին առ­ջեւ։ ­Մա­նա­ւանդ, երբ այ­լեւս սան­ձար­ձա­կօ­րէն ու ան­վա­յել ան­բար­տա­ւա­նու­թեամբ կը սեղ­մէ օ­ղա­կը մեր շուրջ, հո­գե­պէս ընկ­ճե­լով հա­յու­թիւ­նը։

­Նոյն պա­հուն սա­կայն, մենք պար­տա­ւոր ենք վկա­նե­րը դառ­նալ մեր ազ­գի վե­րած­նուն­դի ու պայ­քա­րի ու­ժին, որ կո­չո­ւած է փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մա­կա­յե­լու եւ ու­ժե­րը լա­րե­լու, ազ­գա­յին մեր ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու բարձր յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Այս յանձ­նա­ռու­թիւ­նը վերց­նող բո­լոր ու­ժե­րը, ­Հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ, միա­ւո­րո­ւած ու պատ­րաս­տա­կամ, նոր շուն­չով եւ կազ­մա­կերպ աշ­խա­տան­քով կրնան յոյ­սը եւ վճռա­կա­մու­թիւ­նը վե­րա­կեր­տել մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Որ­պէս­զի 2024-ին մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւող ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րը՝ հե­ռու մնան նա­հան­ջի վտան­գէն եւ միան­գա­մընդ­միշտ փա­կո­ւի ընկ­ճո­ւա­ծու­թեան է­ջը։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն կը շնոր­հա­ւո­րէ Ա­մա­նո­րը թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին ու ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հո­գե­ւոր պե­տե­րուն, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ու իր յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թեանց, կրօ­նա­կան դա­սուն ու կրթա­կան մշակ­նե­րուն, գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն, Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան միու­թեանց ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ օ­ճա­խի բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րուն ու հա­մա­կիր զան­գո­ւած­նե­րուն, մաղ­թե­լով լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն՝ ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան, ինչ­պէս եւ անձ­նա­կան ու ըն­տա­նե­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։

­Թող 2024-ին յա­ջո­ղու­թեան եւ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման նոր ճա­նա­պարհ­ներ բա­ցո­ւին մեր բո­լո­րին առ­ջեւ։

Շ­նոր­հա­ւո՛ր ­Նոր ­Տա­րի։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ