Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի քաղաքական մենակեացը՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ տակաւին 1991-ին կը յայտարարէր թէ «ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ կատեգորիա է», այսօր կրկին կը ցցէ իր գլուխը՝ ընդդէմ ազգային գաղափարախօսութեան։
Մէկը միւսին ետեւէն ան կը հրապարակէ ամիսներ առաջ Հայաստանի ու Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպումին ներկայացուցած իր տեսակէտները եւ առաջարկները, առանց խորհրդակցելու կամ հաւանութիւնը ստանալու այդ հանդիպման միւս մասնակիցներուն։ Այս ընթացքով ան կը խախտէ նման հանդիպումներու վերաբերող խորհրդապահութեան տարրական սկզբունքը։
Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին հանրութիւնը լուսաբանելու եւ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքէն երկիրը փրկելու պատրուակին տակ, Տէր Պետրոսեանի հետապնդած նպատակը ո՚չ լուսաբանել է, ոչ ալ Փաշինեանէն երկիրը փրկել է։
Առաջին, իր նպատակն է հանրութեան մօտ ստեղծել շփոթ, որպէսզի աւելի պառակտուի հայրենի ժողովուրդը։
Երկրորդ, իր նպատակն է տարակարծութիւններ եւ անհամաձայնութիւններ սերմանել Փաշինեանի ընդդիմացող ուժերուն եւ անոնց շարքերուն մէջ։
Երրորդ, երկրորդ նպատակի յաջողութեան պարագային, իր նպատակն է տկարացնել Փաշինեանին ընդդիմացող ուժերը։
Չորրորդ, այս բոլորով իր վախճանական նպատակն է սատարել Փաշինեանի վերընտրութեան։
Ինքզինք Հայաստանի «իմաստուն քաղաքական մարդը» համարող Տէր Պետրոսեան միշտ շարժած ու գործած է ժխտողական ու աւերիչ միտումներով։ Իր մտածելակերպին առանցքը կը կազմէ ազգայինը քանդելու սկզբունքը։ Այդ սկզբունքին շարունակութիւնը ան կը տեսնէ Փաշինեանի ու փաշինեանականութեան մէջ։ Ասիկա Տէր Պետրոսեանական վարքագծին ալֆան եւ օմեգան է։Ասիկա խանձարուրէն սնուած մտայնութիւնն ու հոգեբանութիւնն է Լեւոն Տէր Պետրոսեանին։
Տասնամեակներ ետք ան կը շարունակէ ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ կատեգորիա ընդունելու իր մոլորած ճանապարհը։
Այդ ճանապարհը, բարեբախտաբար, մեր պատմութեամբ եւ առաքելութեամբ, կ՚ապացուցէ, որ ազգայինը կեղծ չէ, այլ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր որ իր ամբողջ հասակով ու էութեամբ վերածուած է կեղծ կատեգորիայի։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս
Մայիս 7, 2021