կարևոր
2155 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-18 17:24
Հասարակություն

«Սիմոն Զաւարեան»էն Լէօ Սարգիսեան

«Սիմոն Զաւարեան»էն Լէօ Սարգիսեան

Արթուր Շէկեանը ծնած է Հայաստան, իսկ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները անցուցած է Թորոնթօ, Գանատա։ Յաճախած է ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը եւ աւարտած՝ գերազանց արդիւնքներով։ Այժմ կ’ուսանի University of Toronto-ի քաղաքագիտութեան եւ տնտեսութեան բաժանմունքին մէջ։ Նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Թորոնթոյի«Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի գործուն անդամ է եւ անոր փոխ ատենապետը։ Հայ գաղութի պայմաններու բարելաւման եւ Հայ Դատի գործունէութեան յառաջացման ծառայելը՝ Արթիւրին միշտ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառած է։ Եւ որպէս բնական ընթացք տարիներու կամաւոր աշխատանքին, աւարտած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» Վարժողական Ծրագիրը։

Ստորեւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Արթուր Շէկեանի տպաւորութիւնները Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրին մասնակցութեան առթիւ.

Փոքր տարիքէս, փափաքած եմ մարզական, յատկապէս ոտնագնդակի, ոլորտէն ներս գործել։ Բայց միեւնոյն ժամանակ փափաքած եմ Հայ Դատի հետ առնըչուողաշխատանք տանիլ։ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, երբ սկիզբ առաւ 44-օրեայ Արցախեան պատերազմը, ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներով ամէն օր կը կազմակերպէինքզանազանցոյցեր, կը պատրաստէինք հսկայ պաստառներ, որպէսզի մեր ընկերները առաւօտեան ժամը 4-ին զանոնք կախեն քաղաքի բարձր կամուրջներէն։ Բոլորը իրենց առօրեայ գործերը եւ մտահոգութիւնները մէկդի դրած՝ կեդրոնացած էին մէկ նպատակի վրայ եւ հաւաքուած՝ մէկ գաղափարի շուրջ՝ լաւագոյնս ծառայել հայրենիքին եւ աջակցիլ հայ զինուորին ու ժողովուրդին։

Դժբախտաբար այդ սաստիկ մարտերուն ընթացքին, մանկութեան ընկերոջս քեռին, ընկեր Քրիստափոր Արթինը, մեր հողերը պաշտպանած ժամանակ զոհուեցաւ եւ միացաւ մեր անմահ հերոսներու սուրբ փաղանգին։ Այդ օրուընէ սկսեալ, աշխարհահայեացքս ամբողջովին փոխուեցաւ։ Այն բոլոր մտածումներս եւ ծրագիրներս, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման չէին ծառայեր, սկսան թուիլ անկարեւոր։ Եւ հակառակ անոր որ պատերազմը աւարտեցաւ մեր հիասթափութեամբ, ես պատրաստ չէի յանձնուելու։ Այսպէս, երբ լաւագոյն ընկերոջմէս լսեցի «Լէօ Սարգսեան» ծրագրին մասին, որոշեցի չփախցնել այս հրաշալի առիթը։

Թէեւ ունէի որոշ մտավախութիւններ, որոշ ժամանակով ուրիշ երկիր մը ճամբորդելու, ամբողջովին նոր շրջանակի մը ծանօթանալու եւ անմիջապէս գործի լծուելու մասին, սակայն այն օրը, երբ ստացայ ընդունուած ըլլալուս լուրը, չափազանց ուրախ էի։ Այսօր արդէն համոզուած եմ, որ այս ծրագրին մաս կազմելս կեանքիս լաւագոյն որոշումներէն մէկն էր

Այժմ տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող անհատներու եւ մասնագէտներու հետ ունիմ նորաստեղծ բարեկամութիւններ, որոնք ապագային կրնան յենարան դառնալ մասնագիտութեանս ընթացքին հանդիպելիք մարտահրաւէրներուն դէմ։ Capitol Hill այցելութիւններուն շնորհիւ առիթը ունեցայ ականատես ըլլալու ընթացող լուրջ քաղաքագիտական խորհդակցութիւններու եւ բարելաւելու իմ հաղորդակցական կարողութիւններս։

Այն փորձառութիւնը, զոր շահեցայ, այն ընկերական սերտ կապերը, զորս հաստատեցի ծրագրի միւս մասնակիցներուն հետ, եւ այն արժէքաւոր դասերը, զորս քաղեցի Ալեքս Գալիցկիի, Արամ Համբարեանի եւ ընկերուհի Եղսոյի հետ ունեցած զրոյցներէս, իսկապէս աննախընթացէին ինծի համար։ Անհամբեր եմ տուն վերադառնալու եւ Գանատայի ընկերներուս ու ընկերուհիներուս պատմելու այս 6 շաբաթներուն ընթացքին պատահած հետաքրքրական եւ յիշարժան դէպքերուն մասին։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք կը հետաքրքրուին եւ կ՚որոշեն մօտ ապագային մասնակցիլ այս հրաշալի ծրագրին։ Ի վերջոյ Հայ Դատին միշտ պէտք են անձնուէր եւ չյանձնուող նոր զինուորներ։

Արթուր Շէկեան
horizonweekly.ca