կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-09 12:40
Քաղաքական

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Շուէտի առանձնակի կոմիտէի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Շուէտի առանձնակի կոմիտէի

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կառչած հողատու իշխանութիւնները՝ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչները, վերջերս հանդէս կ՛ուգան «տարածաշրջանային համագործակցութիւն» թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ի և Հայոց ցեղասպանութիւնը նսեմացնլու յայտարարութիւններով, մինչեւ իսկ կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելութեան իրողութիւնը:

Վերջերս աւելի յստակ կը դառնայ, որ Արցախեան երրորդ պատերազմի մեղքի և ամօթի սեւ խարանը իրենց ճակտին կրող այդ խմբակը, բացայայտօրէն ժխտելով Արցախը, որպէս հայկական հողատարածք, ի գործ դրեց նոյեմբեր 9-ի անձնատուուական համաձայնութեան իր մութ պայմանաւորւածութիւնները, որոնց հետեւանքը եղան Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի ողբերգական ելքը, 5000 նահատակները, հարիւրաւոր գերիները և հազարաւոր անօթեւանները՝ որոնք լքեցին իրենց հայրենի օճախները, Հայաստանի և Արցախի որոշ տարածքներ այսօր կը գտնուին ազերի և թուրք զինւորներու սպառնալիքի տակ: 5000 նահատակներու արիւնը դեռ չչորցած, աթոռին կառչած այս իշխանութիւնները կը բարբաջեն համագործակցութեան ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու մասին, ինչը դժուար ըմբռնելի է որեւէ հայու հասկացողութեամբ:

Քանի մը օրերէ ետք կը թեւակոխենք 24 ապրիլը, որը իւրաքանչիւր զտարիւն հայու մտքի և խղճի մէջ ոչ միայն յիշատակելի պարզ օր մընէ, այլեւ պայքարի, պահանջատիրութեան օր կը համարենք: Սակայն երբ հակահայ արշաւի յորձանքը դիմակայելու առաքելութեան հաւատարիմ Հայ Դատի հանձնախումբերը ամէնուր անհաւասար պայքար կը մղեն թուրք ազերիական քարոզարշաւի մեքենայի դէմ, անդին «իմ քայլական» իշխանութեան ներկայացուցիչները թշնամիին քծնող և ազգադաւ ելոյթներով կը փորձեն լուրջ հարուած հասցնել տարիներու հետեւողական ճիգով ձեռք բերուած Հայ Դատի նուաճումներուն և օտարման սեպ կը խրեն Հայաստանի և Սփիւռքի միջեւ:

Առաւել, անոնք լրջագոյն սպառնալիք կը հանդիսանան մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան: Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը մոռացութեան տալով «իրապաշտութիւն» խաղալու նման փորձերը, կը սասանեն Հայաստանի գոյութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի սեմին կուգանք հաստատելու՝ Հայաստան – Արցախ և Սփիւռք միասնութեան վրայ հիմնուած մեր պայքարը աննահանջ է ու մեր իրաւունքները անժամանցելի են, ինչքան Հայաստանի ներկայ վարչակազմը Ցեղասպանութեան գծով, համակերպութեան և զիջումներու միտող աններելի թրքահաճոյ յայտարարութիւններով հանդէս գա:

Շուէտիոյ հայութիւնը իր բոլոր միութիւններով և մարդուժով պիտի ծառայէ Հայաստանի և Արցախի պետականութիւններու ամրապնդման և ամրակայման, յաղթահարելու պատերազմէն ետք ծագած դժուարութիւնները:

Շուէտիոյ ՀՅԴ կառոյցը կը վերահաստատէ՝ ամբողջական ներուժը ի գործ դնել Հայաստանի և Արցախի հանդէպ իր յանձնառութեանց իրականացման նպատակին:


ՀՅԴ Շուէտի առանձնակի կոմիտէ
09.04.2021