կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-07 17:20
Քաղաքական

Կը պահանջենք կառավարութեան հրաժարականը խուսափելու համար որեւէ ազգադաւ ու ազգակործան ծրագիրէ. յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ ․ Շուէտի Կոմիտէի

Կը պահանջենք կառավարութեան հրաժարականը խուսափելու համար որեւէ ազգադաւ ու ազգակործան ծրագիրէ. յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ ․ Շուէտի Կոմիտէի

Վերջին շրջանին իշխանութիւններուն վարած բացայայտօրէն թրքահաճոյ ու թրքամէտ վարքագիծին պատճառով Հայաստան կը շարունակէ մնալ ներքին օրհասական իրադրութեան մէջ: Այս իշխանութիւնները ոչ միայն նսեմացուցած են մեր պետութեան արժանապատուութիւնը, այլեւ ապահովական իմաստով նորանոր վտանգներու կենթարկեն մեր երկիրը:

Ոստիկանութեան բռնութիւններուն յատկապէս թիրախ կը հանդիսանան այն երիտասարդները, որոնք 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եղած են ամենաթեժ դիրքերուն վրայ եւ պաշտպանած մեր պատիւն ու հայրենիքը, իսկ այսօր դարձած են ազգային ազատագրական պայքարի նուիրեալները եւ կը պայքարին ապազգային ու անփառունակ դրածոյ իշխանութիւններու դէմ:

Այսուհետեւ ՄԵՆՔ Շուէտիոյ հայերս ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք երկրի մեր հայրենակիցներուն եւ ընդդիմութեան տարած ճիգերուն, խստօրէն դատապարտելով ոստիկանական ապօրինի բռնաճնշումները` կանանց, աղջիկներու, անչափահասներու ու տարեցներու նկատմամբ:

Կը պահանջենք անյապաղ դադրեցնել հալածանքները, հրաժարիլ Արցախը ազրպեճանի մաս ճանչնալէն, հրաժարիլ հայ-թրքական խաղաղութեան կեղծ օրակարգէն, ինչպէս նաեւ կազմել ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն, որու միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը ու փրկել Հայաստանն ու Արցախը կործանումէն։

Այս բոլորը կարելի է իրագործել այս ապազգային ու անփառունակ դրածոյ իշխանութեան հեռացումով։ Առ այդ անմիջապէս կը պահանջենք կառավարութեան հրաժարականը խուսափելու համար որեւէ ազգադաւ ու ազգակործան ծրագիրէ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շուէտի Առանձնակի Կոմիտէ

2022-05-05