կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-21 15:12
Սփյուռք

Գանատայի խորհրդարանի նիստի ընթացքին կը յիշատակուի Սումկայիթի հայոց ջարդը

Գանատայի խորհրդարանի նիստի ընթացքին կը յիշատակուի Սումկայիթի հայոց ջարդը

Փետրուար 19-ին, Սումկայիթի հայոց ջարդերու 33-րդ տարելիցի նախօրեակին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խորհրդարանի պատգամաւորական հերթական նիստի ընթացքին յատուկ ելոյթով ոգեկոչեց սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած անմեղ հայերու յիշատակը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը։

Մեծն Թորոնթոյի Մարքամ ընտրատարածքի երեսփոխան, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Պապ Սորայա խստօրէն դատապարտելէ ետք 1988 թուականի Փետրուար 27ին հայերու դէմ գործադրուած ատրպէյճանական զանգուածային ջարդերը՝ նշեց, որ անցնող Սեպտեմբերին պատմութիւնը կրկնուեցաւ, երբ Ատրըպէյճանը սանձազերծեց պատերազմ Արցախի դէմ։ Ան յիշեցուց, որ պատերազմը պատճառ դարձաւ հազարաւոր հայեր փախստական դառնան եւ կալանքի տակ գտնուող հարիւրաւոր հայ ռազմագերիներ Ատրպէյճանի կողմէ ենթարկուին անմարդկային վերաբերմունքի։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ անհրաժեշտ է պատմութենէն դասեր քաղելով միշտ կանգնիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան կողքին։

1988-1990 Պաքուի իրականացուցած հայերու զանգուածային ջարդերուն հետեւանքով՝ վտարանդի դարձաւ Ատրպէյճանի ամբողջ հայ համայնքը։

horizonweekly.ca