կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-18 16:00
Հասարակություն

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայ գաղութին

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայ գաղութին

Յարգելի Հայրենակիցներ,

Սիրելի Հարազատներ,

Քոյրեր եւ եղբայրներ,

Անգամ մը եւս ալեկոծուած է հայ ազգը: «Քորոնա» ժահրը կը հարուածէ Հայաստանն ու Սփիւռքի գաղութները: Այս անգամ շատ դժուար կացութեան մատնուած է յատկապէս Լիբանանահայ համայնքը: Մեզի հարազատ այդ երկրի քաղաքական բարդ իրավիճակն ու դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապը մտահոգիչ աստիճանի հասած են: Ահազանգ կը հնչեցուի Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ:

Կարիքը իր գագաթնակէտին հասած է եւ մենք, որ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ունինք, պէտք է անսակարկ օգնութեան ձեռք մեկնենք մեր Լիբանանահայ քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Իւրաքանչիւրիս նիւթական նուիրատուութիւնը Լիբանանահայութեան օգնութեան ծրագրին, պիտի թեթեւցնէ մեր հայրենակիցներուն բեռը եւ պիտի վստահեցնէ, թէ իրենք առանձին չեն եւ ունին հարազատներ, որոնք միշտ ալ նեցուկ պիտի կանգնին:

Այդպէս էր պարագան մօտիկ անցեալին՝ երբ օգնութեան ձեռք մեկնեցինք Սուրիահայութեան: Այդպէս էր պարագան Արցախի գոյապայքարի օրերուն: Այդպէս պէտք է ըլլայ նաեւ այսօր:

Օգնե՛նք Լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Անոնք ձեր աջակցութեան կարիքը ունին: Մի’ զլանաք, եւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացէ’ք հայութեան մէկ կարեւոր մասնիկը հանդիսացող Լիբանանահայութեան:

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ

hairenikweekly.com