Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի (14րդ ընտրատարածք) ընտրութիւններուն մասնակցող Քեւըն տէ Լէոնի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի (11րդ ընտրատարածք) անդամ Սքաթ Ուինըրի վերընտրութեան պայքարին։
Շարք մը այլ պաշտօններու կողքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատարի պաշտօնը վարած Քեւըն տէ Լէոն ամերիկահայութեան մօտիկ քաղաքական գործիչ մը եղած է, կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, յիշեցնելով, որ ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող բանաձեւներուն եւ ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը այլ նախաձեռնութիւններու շարունակաբար նեցուկ կանգնելու կողքին, զօրակցած է նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր 2014ի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը շնորհած էր տէ Լէոնին:
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ ապա Ծերակոյտի անդամակցութեան տարիներուն, տէ Լէոն նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկահայութեան թանգարանին համար նահանգային ամավարկէն նիւթական աջակցութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ նահանգային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրին ընդարձակման պայմանը պարունակող բանաձեւի վաւերացման ջանքերուն մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցած բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն կողքին, ան նաեւ օժանդակութիւններ ապահոված է ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան Հոլիվուտի գրասենեակին, իրականացուցած է թիւ 101 ազատուղիին վրայ Փոքրիկ Հայաստանի ելքերը ծանուցող ցուցանակներու տեղադրումը, իսկ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ աշխարհահռչակ երգիչ, դերասան եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած աստղին զետեղումը կարելի դարձուցած է:
Միւս կողմէ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ Սքաթ Ուինըր լաւապէս պաշտպանած է յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան եւ ընդհանրապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան շահերը, նեցուկ կանգնելով յատկապէս Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու ջանքերուն։
Ուինըր համահեղինակն է թիւ 302 բանաձեւին, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը, դիւրացնելու համար երկկողմանի առետուրը եւ տնտեսական կապերը։ Ան նաեւ անդամ է Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի ու արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին:
Ան նախապէս եղած է Սան Ֆրանսիքօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ եւ պատասխանատու այլ պաշտօններ ստանձնած է Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքային եւ տեղական կառավարական մարմիններուն մէջ։
asbarez.com